
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական մրցումներուն նախօրեակին, մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց 10-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովա, որ 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզը:
Այսպիսով, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Սերենա Ուիլիըմզ կը պարտուի կիսաւարտականին:
Սերենա Ուիլիըմզի կրած այս պարտութիւնը բնականաբար մեծ ուրախութիւն պատճառեց գերմանացի Անճելիք Քերպըրին (2-րդ), որ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քարոլին Վոզնիաքիին (Դանիա), ոչ միայն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, այլեւ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը խլեց Սերենա Ուիլիըմզէն, որ այդ դիրքին վրայ բազմած էր ամիսներէ ի վեր (186 շաբաթէ ի վեր):

Նշենք, որ Փլիսքովա իր արհեստավարժ ամբողջ ասպարէզին ընթացքին երբեք չէր յաջողած կրան շլեմի մը մրցաշարքին Գ. հանգրուանէն աւելի երթալ: