
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Քանի մը ամսուան դադարէ ետք, Լիբանանի ֆութպոլի դաշտերը այսօրուընէ սկսեալ դարձեալ կը հիւրընկալեն մարզիկներն ու անոնց համակիրները` նկատի ունենալով, որ այսօր ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ:
Բոլոր խումբերուն նման, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը եւս, անհրաժեշտ բոլոր պատրաստութիւնները տեսաւ, խումբը օժտեց հայրենի երկու նորեկ ֆութպոլիստներով, փորձ-մրցումներ կատարելով, տեղեակ եղաւ բոլորին ունեցած կարողութիւններուն, կրցաւ դարձեալ համախմբել ՀՄԸՄ-ական եղբայրներն ու ֆութպոլիստները, կատարեց առաւելագոյն փորձերը, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն մինչեւ անոր աւարտը:
Բացարձակ իրողութիւն է, որ ֆութպոլը խմբային խաղաոճ մըն է, ուր ներկայ չի կրնար ըլլալ անձնասիրութիւնը:
Խումբի մը յաջողութիւնը կը կերտուի, երբ ներդաշնակ ընտանիքի մը նման համերաշխ մթնոլորտ մը կը տիրէ բոլորին մօտ եւ անոնք բոլորն ալ կ՛աշխատին միայն իրենց միութեան` ՀՄԸՄ-ի շահերուն ի խնդիր:
Վաղուան մրցումէն սկսեալ մինչեւ դարձի վերջին մրցումը, ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին ոչ մէկ կէտ կորսնցնելու` յաղթանակներու շարքը շարունակելով շոգեկառքի վակոններուն նման:
Վերոնշեալներէն բացի, կայ այլ կարեւոր կէտ մըն ալ:
Դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պէտք չէ ջղային ըլլան, որպէսզի չստանան տարբեր գոյնի քարտեր, որոնք յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն կրնան սուղ արժել խումբին:
Տարեշրջանի աւարտին ՀՄԸՄ-ը կ՛ուզենք տեսնել հոն, ուր որ է անոր իսկական տեղը` Ա. դասակարգին մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին: