Հայրենի լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հայ ֆութպոլիստ Վոլոդիա Պապիկեան եւս տեղափոխուեցաւ եւ միացաւ Պելխաթուվի (Լեհաստան):
Վերոնշեալ խումբին մաս կը կազմէ Վոլոդիա Պապիկեանի եղբայրը` Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին ֆութպոլիստ Աղուան Պապիկեան:
Նշենք, որ 23 տարեկան Վոլոդիա Պապիկեան, որ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, բաւական ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերջերս սկսաւ իր փորձերուն: