
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ 659 ակումբներ իրենց երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոններուն կողմէ նիւթական գումարներ պիտի ստանան Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան յաջող կայացման առնչութեամբ իրենց ներդրումը ունենալնուն համար:
Ակումբներուն ընդհանուր առմամբ բաժին պիտի հասնի 150 միլիոն եւօ: Այդ գումարէն 100 միլիոն եւրոն պիտի ստանան այն ակումբները, որոնց ֆութպոլիստները մասնակցեցան Եուրօ-2016-ին: Մնացեալ 50 միլիոն եւրոն պիտի տրամադրուի այն ակումբներուն, որոնց ֆութպոլիստները հրաւիրուեցան ազգային խումբ եւ մասնակցեցան վերոնշեալ մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
Այսպիսով, հայկական ակումբները եւս բաժին պիտի ստանան այդ գումարէն` Հայաստանի հաւաքական հրաւիրուած իրենց ֆութպոլիստներուն համար:


