Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամբողջ Հայութիւնը Պէտք Է Մէկ Մարմին, Մէկ Բռունցք Դառնայ, Որ Կարենայ Դէմ Դնել Հակառակորդին, Որ Երկու Կողմէն Մեզ Կ՛ուզէ Խեղդել», Արմէն Ռուստամեան

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Interview-with-Armen-Rusdamian_90716

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն 25-ամեակին առիթով «Վանայ ձայն»-ը Հայաստանի մէջ կատարեց հարցազրոյցներու շարք մը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ ծիրին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը` «Արցախեան հարցի բանակցային հոլովոյթը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին իրադարձութիւններուն անդրադարձը» նիւթով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նախ արժեւորենք Արցախի քառօրեայ պատերազմը, խօսինք նաեւ բանակցային գործընթացին, հողային զիջումներու օրակարգին մասին, որ այսօր սեղանի վրայ է, ապա անդրադառնանք գալիք փուլի աշխատանքներուն:

ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ.- Վստահ եմ, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ, որովհետեւ այն տրամաբանութիւնը, որ կը գործէր մինչեւ ապրիլեան պատերազմ, եւ որով կ՛առաջնորդուէր Ազրպէյճանը, ամբողջութեամբ փուլ եկաւ եւ խախտեցաւ: Ան կը կարծէր, թէ իրաւունք ունի որեւէ ձեւով իր կորսնցուցած տարածքները, որոնք իր պատկերացումով իրեն կը պատկանին, վերադարձնել եւ, ըստ էութեան, պատրանք ստեղծել: ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին հետ բանակցութիւններու մէջ ըլլալով` աշխուժօրէն կը պատրաստուէր պատերազմի եւ, ըստ էութեան, սպառնալիքի տակ կը պահէր միջազգային հանրութիւնն ալ, միջնորդներն ալ, որ եթէ իր ուզած բեմագրութիւնը չըլլայ բանակցութիւններուն մէջ, ուրեմն ինք կը դիմէ ռազմական միջոցներով խնդիրի լուծման եւ իր դիրքերու պաշտպանութեան. եւ ինք հաւատացած էր ու կը փորձէր ուրիշներն ալ համոզել, որ քանի մը օր բաւական է իրեն` իր խնդիրները լուծելու հայկական կողմին հետ, նկատի ունենալով` իր ռազմական հզօրութիւնը եւ մինչեւ հիմա կուտակած զինուժը: Պատերազմի գլխաւոր հետեւանքը, որուն բոլորը ակնյայտ եղան, այն էր, որ  առասպելը փուլ եկաւ, եւ իր պլից-քլիքը (կայծակնային յարձակում), որով կ՛ուզէր հասնիլ յաջողութեան, ամբողջութեամբ ձախողեցաւ: Ասիկա մեր ամէնէն մեծ եւ գլխաւոր ձեռքբերումը եղաւ: Ազրպէյճանի նպատակն էր նաեւ պատերազմի միջոցով պարտադրել սթաթիւս քուոյի փոփոխութիւն, շփման գիծի տեղաշարժ, վերանայում անցած պայմանաւորուածութիւններուն` զինադադարի հաստատման հետ կապուած: Ազրպէյճան կ՛ուզէր նաեւ 1994-1995 թուականին ստորագրուած ու հաստատուած պայմանագիրէն ազատիլ, որովհետեւ այդ պայմանագիրի առկայութիւնը կը փաստէր, որ խօսքը կը վերաբերի երեք կողմերու, եւ Ղարաբաղի ներկայութիւնը անխուսափելիօրէն պէտք է այդտեղ ամրագրուէր: Մէկ խօսքով, Ազրպէյճան իր այս հիմնական խնդիրներէն ոչ մէկը կրցաւ լուծել. ընդհակառակը, նախ` վերահաստատուեցաւ եւ փաստուեցաւ, որ 1994-1995 թուականին պայմանագիրը անժամկէտ է եւ ուժը չի կրնար կորսնցնել, շփման գիծի փոփոխութիւն չարձանագրուեցաւ, միաժամանակ հաստատուեցաւ, որ շփման գիծը պէտք է համապատասխանէ 1994-1995 թուականի զինադադարի պայմաններուն: Այսպէս, բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմին համար ստեղծուեցաւ առիթ` պահանջելու, որ Ազրպէյճան դադրեցնէ երկակի խաղը, որովհետեւ չենք կրնար ե՛ւ բանակցիլ, ե՛ւ պատերազմիլ: Ուրեմն պէտք է իրական բանակցութիւններուն վերսկսին:

«Ա.».- Ուրեմն մինչեւ ապրիլեան պատերազմի սկիզբը իսկական բանակցութիւններ գոյութիւն չե՞ն ունեցած:

Ա. Ռ.- Անշո՛ւշտ. այդ բանակցութիւններէն միշտ կը խուսափէր Ազրպէյճան: Քազանեան առաջարկներուն մէջ, որոնք դրուած էին սեղանի վրայ, վերջին պահուն  Ազրպէյճան 10 նորեր ներկայացուց եւ վիժեցուց գործընթացը: Շարունակաբար առաջարկներ մերժող Ազրպէյճանը բնական է, որ ձեւացնէ, թէ ինք չի հրաժարիր բանակցութիւններէն, բայց իրականութեան մէջ կը պատրաստուի պատերազմի եւ իրօք կատարեց պատերազմը: Այս պայմաններուն մէջ հիմնական խնդիրը Ազրպէյճանը բանակցային սեղան վերադարձնելն է: Ահա այս է գլխաւոր հարցը, որ այսօր կը դրուի մեր կողմէն, եւ կը ներկայացուի պահանջ, որ կ՛ընկալուի նաեւ միջնորդներուն կողմէ, այլապէս այդ փուլը պէտք է նկատել անցած, որ կարելի է մէկ ձեռքով բանակցութիւններուն մէջ ըլլալ, իսկ միւսով երթալ պատերազմի դաշտ ու փորձել հարցերը լուծել:

Այս վիճակին մէջ մեր պահանջները դարձած են շատ տրամաբանական: Մենք պէտք է պահանջենք, որ զինադադարի դրութեան վերահսկելու գործընթացները ամրագրուին: Այդ առումով երկու առաջարկ ընդունուած են  Վիեննայի եւ Սենթ Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին. առաջինը` ընդլայնի ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքի աշխատանքային խումբը, երկրորդ` ունենալ ժամանակակից սարքաւորումներ, որոնք համացանցային համակարգով կը վերահսկեն զինադադարը, եւ եթէ խախտումներ ըլլան, յստակ կ՛արձանագրուին, թէ ո՛ր կողմէն եղած են, ի՛նչ տրամաչափի զէնքով եւ այլն:

Այս գործընթացները հիմա ընթացքի մէջ են, եւ որպէսզի այս բոլորէն խուսափի Ազրպէյճան, կը շարունակէ պնդել, որ եթէ այդ բոլորը եղան, ի՞նչ բովանդակութիւն պիտի ունենայ համաձայնութիւնը, այսինքն` խաղաղութեան պայմանագիրը, որ պիտի կնքուի, ինչպիսի՞ լուծում պիտի ենթադրէ. ահա եւ այստեղէն սկսած են խօսակցութիւններ մեր տարածքներուն եւ մատրիտեան սկզբունքներուն հետ կապուած: Ես կը կարծեմ, որ հայկական կողմը մարտավարական առումով մինչեւ հիմա ներկայացուցած է մեղադրանք, որ փաստուեցաւ, թէ Ազրպէյճան կը խուսափի բանակցութիւններէն. ան հարցը կ՛ուզէ լուծել ռազմական ճանապարհով. այս նոյն մեղադրանքին տակ Հայաստան չի կրնար յայտնուիլ` ըսելով, թէ ընդհանրապէս որեւէ զիջման կամ սթաթիւս քուոյի որեւէ փոփոխութեան չ՛երթար: Նման յայտարարութիւն մը մարտավարական սխալ է, որովհետեւ կը նշանակէ, որ դուն ինքդ կը հրաժարիս բանակցութիւններէն: Մենք հնարաւորութիւն պէտք է ունենանք յստակօրէն ըսելու, որ այդ բանակցութիւնները ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի երթան. ոչ թէ այն տրամաբանութեամբ, որ կ՛ըսէ Ազրպէյճան եւ կ՛ենթադրէ միակողմանի զիջումներ հայկական կողմէն, իսկ իր կողմէն` խնդիրներու ձեւական լուծումներ, որոնք զիջում ալ չեն: Մարտավարական առումով պէտք է ճիշդ լուծուի այս հարցը, այսինքն մենք յստակօրէն յայտարարած ենք, որ քանի Ազրպէյճան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որեւէ բանի մասին խօսիլը անիմաստ է: Ասոր նման յայտարարութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը` ըսելով, որ ճիշդ է` սթաթիւս քուոն պէտք է փոխուի բանակցութիւններու միջոցով, բայց նման բան կրնայ տեղի ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ երաշխաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Պէտք է դիւանագիտական հմտութիւն կիրարկուի, որ կարենանք այս հարցերուն լուծումը ճիշդ ուղղութեան վրայ դնել: Բայց ընդհանուր ուղղութիւնը այն է, որ Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ երկու հանրաքուէներուն միջոցով ամրագրուած հայեցակարգէն տարբեր բան չի կրնար ըլլալ. այս է, որ Դաշնակցութիւնը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ: 1991  թուականի հանրաքուէները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ տարածքներու վրայ անկախութեան մասին եղած է խօսքը. ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի, այլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին է: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզեր են Գետաշէն եւ Շահումեան շրջանները իրարու հետ.   ուրեմն առաջին հանրաքուէին մէջ հաստատած է, որ պէտք է խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան մասին: 2006 թուականին եղած է երկրորդ հանրաքուէն, որով բանակցային գործընթացը կը կանխորոշուի, թէ մինչեւ չճշդուին սահմաններն ու Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնը կը տարածուի փաստացի տարածքներուն վրայ: Այստեղ ալ սթաթիւս քուոյի յաւերժութեան մասին խօսք չկայ, բայց կ՛ըսուի, որ եթէ սթաթիւս քուոն պիտի փոխուի, նախ պէտք է ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, երկրորդ` պէտք է վերականգնի այդ հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը,  ապա կը խօսուի այլ հարցերու մասին:

Այսօր փաստ են նաեւ ԼՂՀ-էն գրաւուած տարածքները, ընդհանուր առմամբ 1028 քմ` Շահումեան, Գետաշէն եւ Մարտակերտ մարզին մէջ բաժիններ, որոնք կը մնան Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ եւ ԼՂՀ տարածքին 25 տոկոսէն աւելին կը կազմեն: Այս բոլորը նկատի ունենալով` բնական է, որ շատ յստակ կերպով պահպանուի այս տրամաբանութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ: Կը կարծեմ, որ մարտավարական առումով մենք պէտք է շատ յստակ նշենք, որ պատրաստ ենք հարցը բանակցութիւններու միջոցով լուծելու եւ բանակցութիւններու տրամաբանութեան համապատասխան կրնանք քննարկել բոլոր խնդիրները, որոնք հակամարտութեան փաթեթին մաս կը կազմեն, եւ բնական է նաեւ, որ բանակցութիւններ ըլլան համարժէք, միաժամանակեայ, որ յաղթողներ ու պարտուողներ չըլլան: Իսկ  յաղթող-պարտուող չըլլալու լաւագոյն ձեւը զիջումներու համաչափութիւնն ու միաժամանակութիւնն է: Պէտք է Ղարաբաղի անկախութեան եւ անվտանգութեան խնդիրները լուծուին առաջնահերթ կերպով, եւ մնացած բոլոր խնդիրները արդէն բանակցային գործընթացի միջոցով համաձայնութեամբ կը լուծուին:

«Ա.».- Հայկական իմաստով ինչո՞ւ այս գործընթացը կամ ռազմավարութիւնը չընկալուեցաւ այնպէս, ինչպէս որ է, եւ նոյնիսկ կարգ մը ուժերու կողմէ շահագործման առարկայ դարձաւ:

Ա. Ռ.- Կը կարծեմ եղած խնդիրները, որոնք կան որոշակի դժգոհութեան համայնապատկեր ստեղծած են: Այդ դժգոհութեան դրսեւորումներու ժամանակ անընդհատ փորձ կ՛ըլլայ շահարկել Ղարաբաղի խնդիրը, որպէսզի դժգոհողները աւելի հիմնաւոր ձեւով իրենց դժգոհութիւնը փորձեն ներկայացնել: Իրականութիւնը այն է, որ իրապէս չկայ միակողմանի տարածք յանձնելու որեւէ փաստաթուղթ, որուն տակ ըլլայ Հայաստանի ստորագրութիւնը: Ասիկա անընդհատ կ՛ըսուի, բայց միշտ ալ շահարկման առարկայ կը դառնայ:

Մենք այս մասին բազմիցս խօսած ենք, նախագահը յայտարարութիւններով փորձած է փարատել այս մտահոգութիւնը, բայց նորէն կը փորձեն այլ ձեւով ներկայացնել խնդիրը` ցոյց տալու համար, որ իբր թէ դաւաճանութիւն  տեղի կ՛ունենայ, ժողովուրդի թիկունքին գործարք տեղի կ՛ունենայ: Այս պահուն նման վիճակ գոյութիւն չունի, եւ յուսամ` երբեք ալ գոյութիւն չ՛ունենար: Կարեւորը, որ մենք մեր սխալ պահուածքով չամրապնդենք, չուժեղացնենք Ազրպէյճանի դիրքերը. սա է հիմնական հարցը. այսինքն, եթէ նոր պատերազմ սկսի, ու բոլորը պաշտպանեն Ազրպէյճանը` ըսելով, որ ան ուրիշ ճար չունէր խնդիրները լուծելու, պատերազմը կը մնար միակ ձեւը, որովհետեւ անբանակցելի դարձեր է Հայաստանը, ասկէ մենք չենք օգտուիր եւ ջուր կը լեցնենք Ազրպէյճանի ջրաղացին: Ասկէ պէտք է խուսափիլ եւ հասկնալ, թէ ո՛րն է այդ տրամաբանութիւնը, որ մէկ կողմէն կը պահէ մեր ամուր դիրքերը բանակցային գործընթացին մէջ, մեր վրայ միակողմանի հարուածներ չի բերեր, միջազգային կարծիքը մեզի դէմ չի հաներ եւ, միւս կողմէն, մենք կարենանք պահել այն, ինչ որ ձեռք բերած ենք մեր պատերազմին, մեր արեան գնով: Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է, որ սերունդին գլխաւոր հարցը այն է, թէ մեր ունեցած 42 հազար քմ տարածքը հայկական պահենք եւ փոխանցենք գալիք սերունդներուն: Սա կ՛ենթադրէ  համապատասխան դիւանագիտական հմտութիւն:

«Ա.».- Հայաստանի ներքաղաքական անկայունութիւնը որքանո՞վ կ՛ազդէ Արցախի հարցի գործընթացի լուծման վրայ:

Ա. Ռ.- Այստեղ ամէն բան փոխադարձ առնչուած է իրարու: Ի վերջոյ մենք կ՛ըսենք, որ պատերազմ չենք ուզեր, եւ մեր շահերէն չի բխիր պատերազմի սկսիլը: Ասոր հիման վրայ ալ ամբողջ աշխարհը շատ լաւ հասկցաւ, թէ ո՛վ նախաձեռնեց ապրիլեան պատերազմը, որովհետեւ հայկական կողմը որեւէ մղում չունէր պատերազմը սկսելու:

Եթէ մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն, անշուշտ բոլորն ալ կ՛ուզեն խաղաղութիւն, նախ զայն պէտք չէ ներկայացնենք որպէս մէկ կողմի զիջում յօգուտ միւսի: Խաղաղութիւնը պէտք է դիտուի որպէս բոլորին ընդհանուր նպատակը: Միակողմանի զիջումները յանուն խաղաղութեան` անիմաստ են: Բայց մենք իմանալով, թէ ինչպիսի՛ դրացի ունինք, պէտք է շատ լաւ հասկնանք, որ եթէ կ՛ուզենք իսկապէս խաղաղութիւն, պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի, սա յայտնի բանաձեւ է: Կ՛ուզես խաղաղութիւն, պատրաստուէ պատերազմի: Այս պայմաններուն մէջ պատրաստուիլ պատերազմի` կը նշանակէ ունենալ հզօր բանակ եւ բանակի հզօր թիկունք: Ահա այստեղ կու գան ներքին հարցերը, ներքին քաղաքականութիւնը, ներքին իրավիճակը, որոնք շաղկապուած  են արտաքին խնդիրներուն եւ մանաւանդ Ղարաբաղի չլուծուած հարցի պարագային` Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման հետ: Ազրպէյճան նոր պատերազմ սկսաւ` վստահելով, որ ան կրնայ պլից-քլիքով արագ ծունկի բերել Ղարաբաղը, բայց տեսաւ, որ կիրարկելի չէ: Սա պէտք է ամրապնդել: Մենք պէտք է յստակօրէն ցոյց տանք, որ նոր պատերազմը աւելի մեծ կորուստներու առջեւ կը կանգնեցնէ Ազրպէյճանը, քան մեզ: Ասոր համար ալ մեր երկիրը պէտք է հզօրանայ ներքին խնդիրները լուծելով, մեր ներքին հարցերը ժողովրդավարութեան հետ կապուած, դժգոհութիւնը, որ մարդոց մօտ յառաջացած էր, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անարդարութեան դրսեւորումները, փտածութեան հետ կապուած հարցերը, մեր երկիրը թուլացնող գործընթացները պէտք է անյապաղ կասեցուին, ամէն գնով թափ տանք մեր երկրի զարգացման, թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ ընկերային մակարդակով, թէ՛ քաղաքական վարքով մեր երկիրը բարձրանայ եւ իր հեղինակութիւնը ամրապնդէ միջազգային դաշտին մէջ: Այս ուղղութեամբ է, որ քայլերը պէտք է իրականացուին անյապաղ, որովհետեւ մենք այլեւս ժամանակային առումով սահման չունինք. այսքան ժամանակ տեւած հրադադարը լաւապէս չենք օգտագործած: Մենք 1994 թուականէն ետք ծրագիր չենք իրականացուցած, որ ազատագրուած տարածքներու ամբողջ զարգացման նպաստեն: Մենք պէտք է ազատինք այն մտայնութենէն,  որ կ՛ըսէ, թէ տարածքները բեռ են, ո՛չ, անոնք զարգացման հնարաւորութիւն են: Այս մտայնութիւնը պէտք է ամրապնդենք:

Փոխանակ` մեր ձեռքի տակ եղած աղբիւրները զարգացնենք ու ամրապնդենք, ուրիշ տեղ փնտռած ենք մեր աղբիւրները: Յայտնի է մեր կարգախօսը, որ միշտ հրապարակ նետած ենք դեռ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ժամանակ, որ`  մեր երկիրը կը զարգանայ առանց զիջելու իր նպատակներէն` ազգային, պետական, իսկ չզիջելու համար պէտք է զարգանաս, պէտք է ամուր ոտքերու վրայ կանգնած ուժեղ պետութիւն ունենաս: Այս է իրականութիւնը, եւ այստեղէն կը շաղկապուին Ղարաբաղի խնդիրները եւ մեր ներքին հարցերը:

«Ա.».- Սփիւռքի գործօնը որքա՞ն դերակատար է այս գործընթացին մէջ:

Ա. Ռ.- Համահայկական խնդիրներու հետ կապուած` ես չեմ տարանջատեր սփիւռքը Հայաստանէն: Եթէ մենք կ՛ըսենք, որ պէտք է  զօրաշարժի ենթարկուի ողջ հայութիւնը, կը նշանակէ` ամբողջ աշխարհով սփռուած ողջ հայութիւնը: Ժամանակակից դարուն աշխարհը փոքրացած է, թէ ո՛վ հեռու է, ո՛վ մօտիկ, այնքան ալ կարեւոր չէ: Մենք տեսանք պատերազմի ժամանակ, թէ որքա՛ն մարդիկ ինքնաթիռ նստան, եկան Հայաստան ու գացին առաջին գիծ: Մեր ազգը այդ որակը ունի: Ամէնէն դժուար պահերուն ալ հայութիւնը կրնայ մէկ կողմ դնել բոլոր տարաձայնութիւնները:

Մեր ազգային որակին վրայ պիտի կառուցուի մեր համախմբումը եւ որեւէ տարբերութիւն Հայաստան- սփիւռք գոյութիւն պիտի չունենայ: Մէկ օրկանիզմ,  մէկ հայութիւն, մէկ միասնակամութիւն. այս է մեր յաջողութեան գրաւականը:

Ամբողջ հայութիւնը պէտք է մէկ մարմին, մէկ բռունցք դառնայ, որ կարենայ դէմ դնել  այս արհաւիրքին եւ հակառակորդին, որ երկու կողմէն մեզ կ՛ուզէ խեղդել:

 

 

Նախորդը

Եուրոզի Միջազգային Վերելքը Կը Շարունակուի…

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի Մէջ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?