Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայթում Մը Կը Հարուածէ Զահլէի Քսարա Հրապարակը

Սեպտեմբեր 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zahle_83116

Զահլէի մէջ, Քսարայի հրապարակին վրայ երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին պայթեցաւ ական մը, որ պատճառեց զոհ մը եւ վիրաւորեց 10 ուրիշներ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Զահլէի մէջ պայթած ականը 4 քկ «Թի. Էն. Թի.» կը պարունակէր:

Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, հրապարակին վրայ պայթած ականը պատճառած էր սուրիացի կնոջ մը մահը` նկատի ունենալով, որ ան շատ մօտ կը գտնուէր ականին պայթած վայրին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը անմիջապէս ուղղուած է դէպքին վայրը, շրջափակած զայն եւ այդ մասին հետաքննութիւն բացած:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Պեքաայի զինուորական ոստիկանութիւնը եւ քրէական փաստահաւաքները գործուղեց դէպքին վայրը` սկսելու համար նախնական հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ հետապնդումներուն` բացայայտելու համար, որ արդեօք պայթումը քաղաքական անձնաւորութի՞ւն մը թիրախ կը դարձնէր:

Լիբանանեան Կարմիր Խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ պայթումին պատճառած զոհին դիակը փոխադրած են Շթորայի հիւանդանոց, հինգ վիրաւորներ փոխադրուած են Թալշիհայի հիւանդանոց, երեք ուրիշներ` Լիբանանեան-ֆրանսական հիւանդանոց, իսկ երկուքը տեղւոյն վրայ դարմանուած են:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց բոլոր հիւանդանոցներուն պայթումին վիրաւորները բուժելու նախարարութեան հաշուոյն:

Աւելի ուշ, երբ յայտնուեցաւ, որ ականը թիրախ կը դարձնէր դէպի Սուր ուղղուող եւ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 38-ամեակին նուիրուած Ամալ շարժումի յիշատակի հանդիսութեան մասնակցող պատուիրակութիւններ, Ամալ շարժումի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Թալալ Հաթում հերքեց այդ տեղեկութիւնները:

Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպ յայտնեց, որ այդ ականը Զահլէն թիրախ չի դարձներ` աւելցնելով, որ ականը զետեղուած էր քաղաքին անցքերէն մէկուն մօտ:

Զահլէի պայթումը դատապարտեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Զահլէի վրայ վախ չկայ. անիկա տոկուն է եւ ոչ մէկ ահաբեկչական արարք կրնայ ազդել անոր վրայ:

Անդրադառնալով այն յայտարարութիւններուն, թէ պայթած ականը թիրախ դարձուցած է Զահլէն, Ժրայսաթի ըսաւ, որ ատիկա հետաքննութեամբ միայն կարելի է փաստել, եւ կոչ ուղղեց սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն:

Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ խստիւ դատապարտեց Զահլէի Քսարա հրապարակը թիրախ դարձուցած պայթումը` յոյս յայտնելով, որ այդ պայթումը Զահլէի մէջ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեան նպատակով կատարուած չըլլայ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Զահլէի ականը թիրախ կը դարձնէ երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ պայթումները կրնան վերստին մաս կազմել լիբանանեան առօրեային:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր դատապարտեց Զահլէի պայթումը` հաստատելով, որ Զահլէ ընդհարումի շրջան մը չէ եւ ո՛չ ալ ահաբեկչութիւն հիւրընկալող շրջան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Զահլէի պայթումը ապահովական պատգամ մըն է` աւելցնելով, որ պէտք է զուսպ ըլլալ` նախքան ամբաստանութիւններ կատարելը:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովական կայունութեան պէտք է յանձնառու մնալ` ամրապնդելով ազգային միասնականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Իմամ Սատըրի Անհետացման 38-Ամեակ. Պըրրի. «Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն Կեանքին Աւարտին Մասին Ոչ Մէկ Փաստ Կայ»

Յաջորդը

Մամետեարով. «Արցախի Տագնապի Լուծման Գծով Յառաջդիմութեան Կարելիութիւն Կայ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?