Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, երէկ Սուրի մէջ նշուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 38-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ:
Ձեռնարկին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ հաստատեց, որ Ամալ շարժումի հիմնադիր իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուս անհետացման թղթածրարը ազգային, արաբական, իսլամական եւ դարուն դատն է` աւելցնելով, որ ո՛չ իրենք, ո՛չ Լիպիոյ յեղափոխութենէն ետք իշխանութիւնը ստանձնած պատասխանատուները եւ ո՛չ ոք փաստեր ունին, թէ անհետացած երեք սիրելի անձնաւորութիւններուն կեանքը աւարտած է:
Պըրրի հերքեց վերջերս իմամ Մուսա Սատըրին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեղեկութիւնները:
Անդրադառնալով Հանիպաալ Քազզաֆիի հարցին` Պըրրի հաստատեց, որ այդ հարցը զուտ դատական է` վերահաստատելով, որ ոչ ոք զինք թող փորձէ` Սատըրի հարցով:
Լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին խօսելով Պըրրի շեշտեց, որ դէպի պետութիւն անցումը կ՛ենթադրէ քաղաքական շփացածութեան կասեցումը, ինչպէս նաեւ վերջ տալ այն մտածումին, թէ այս կամ այն քաղաքական ուժը երկրին քաղաքական կեանքը խոչընդոտելու վեթօ ունի:
Պըրրի կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու սահմանադրութեան եւ վերջ տալու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը արգելակելու քայլերուն:
Ան անհրաժեշտ նկատեց ընտրական նոր օրէնքի մշակումը` շեշտելով, որ լիբանանեան ազգային ախտը բուժող միակ դեղը համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է:
Պըրրի նշեց, որ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն մը կարելի կ՛ըլլայ գոյացնել, երբ նախագահական ընտրութեան յաջորդող փուլին համար համաձայնութիւններ գոյացուին:
Տնտեսական կացութեան ակնարկելով` Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց քարիւղի արտահանման սկսիլը, պահանջեց վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն աշխատանք տրամադրել:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ ներդրումներ կատարելու ի նպաստ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւններ կատարելու` զինելու համար բանակը:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Պըրրի շեշտեց, որ այդ տագնապը կարելի է լուծել միայն քաղաքական լուծումով եւ վերջ տալ Սուրիոյ ազգային միասնականութիւնը հարուածող դաւադրութիւններուն: