Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պիտի Չարտօնէ Իր Սահմանին Վրայ ՔԱԿ-ի Պետութեան Ստեղծումը» Կ՛ըսէ Քալըն

August 31, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kalin_83016

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Թուրքիան պիտի չարտօնէ իր սահմաններուն վրայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարութեան տակ գտնուող պետութեան մը ստեղծումը եւ պիտի պաշտպանէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը ընդդէմ ահաբեկչական կազմակերպութեան ու Արեւմուտքի մէջ անոր աջակիցներուն»:

Ան ըսաւ, որ թրքական բանակին հիւսիսային Սուրիոյ Հալէպի նահանգին մէջ շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան նպատակը թուրք-սուրիական սահմանը ձերբազատելն է բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն, նախ եւ առաջ ՏԱՀԵՇ-էն:

«Թուրքիոյ եւ անոր քիւրտ քաղաքացիներուն կամ Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն միջեւ որեւէ հարց չկայ», ըսաւ ան` նշելով. «Սակայն հարց ունինք ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան հետ, որ յարձակում կը գործէ թուրք քաղաքայիններուն եւ ապահովական ուժերուն դէմ, միաժամանակ անիրաւութիւն կը գործէ քիւրտերուն դէմ եւ զանոնք կը սպաննէ»:

Ըստ Քալընի, ՔԱԿ-ը եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը առանց ամօթի Սուրիոյ պատերազմը կը շահագործեն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական պետութիւն ստեղծելու համար:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը ըսաւ, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ցոյց տուած է, որ Սուրիական ազատ բանակին նման սուրիական չափաւորական զինեալ խմբաւորումներուն աջակցութիւն տրամադրելու պարագային անոնք կրնան ազատագրել սուրիական հողերը եւ կռուիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ սուրիական վարչակարգին դէմ:

Քալըն Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցելէ հրաժարելու:

Նախորդը

«Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Կարելի Կրնայ Դառնալ Էրտողանի Իշխանութենէն Հեռանալէն Ետք» Կ՛ըսէ Օթինկըր

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ու Քիւրտերուն Միջեւ Զինադո՞ւլ. Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն Դադրեցնելու Բախումները Եւ Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.