Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամին Ժեմայէլ Զօր. Սլէյմանի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Քաղաքական Տագնապը

August 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sleiman_jemayel_83016

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական տագնապը:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ զօր. Սլէյմանի հետ կիսած է Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները, երկրին սպառնացող վտանգներն ու անոր ապագային նկատմամբ մտահոգութիւնը` նկատի ունենալով բարդութիւններն ու նախագահական թափուր աթոռի առկայութիւնը:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին դրդապատճառը շփացածութիւնն է:

Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սահմանադրական, օրինական եւ ազգային պարտականութիւն է, եւ սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ, որ երեսփոխանները զայն շահագործեն եւ, նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելով, երկիրը անիշխանութեան մատնեն:

«Նախագահական աթոռը թափուր պահելը աններելի ոճիր մըն է», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ սահմանադրութեան խախտումը օրինականութեան խախտում կը նշանակէ:

Իր կարգին, զօր. Սլէյման շեշտեց, որ օրինականութեան պատճառաբանութեամբ կարելի չէ կառավարութեան նիստերը պոյքոթի ենթարկել: Ան ըսաւ, որ առաջին հերթին կու գայ ժողովրդավարութիւնը, իսկ երկրորդ հերթին` օրինականութիւնը:

Զօր. Սլէյման հաստատեց, որ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է միայն պետութեան հիմքերուն հզօրացումով:

Նախորդը

Ինտոնեզիական Զինեալ Ուժերու Հրամանատարը Այցելեց Մուքպելի Եւ Զօր. Քահուաժիի

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Վարչապետի Պաշտօնին Համար Մեր Միակ Թեկնածուն Սաատ Հարիրին Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.