Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրթութեան Մեր Տեսլականը Հայ Տեսակի Շարունակութեան Ապահովումն Է» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

Օգոստոս 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon_davoush_82916

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 27 օգոստոսին Իջեւանի մէջ ներկայ գտնուած է Տաւուշի մարզի հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններու եւ մանկավարժներու օգոստոսեան խորհրդակցութեան: Կրթական նոր շրջանի նախապատրաստական աշխատանքներու սկիզբին նուիրուած աշխատանքային խորհրդակցութեան սկզբնաւորութեան մարզպետարանի կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետ Կարէն Նազարեան ներկայացուցած է 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին մարզի կրթութեան մարզին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն հաշուետուութիւնը:

Նշուած է, որ մարզին մէջ կը գործէ 81 հանրակրթական դպրոց, 4-ը` աւագ: 2015-2016 տարեշրջանի սեպտեմբերին առաջին դասարանցիներուն թիւը եղած է 1737, իսկ նոր ուսումնական տարուան ընթացքին նախատեսուած է, որ այդ թիւը ըլլայ 1792: Մարզին մէջ կը գործեն 48 նախադպրոցական հիմնարկներ, եւ աշխատանքներ կը տարուին մանկապարտէզներ, նաեւ նախակրթարաններ եւ մանկապարտէզ յաճախող երեխաներու թիւի բարձրացման ուղղութեամբ:

2016-ին նախակրթարաններ պիտի բացուին մանկապարտէզ չունեցող 8 շրջաններու մէջ: Մարզի 77 հանրակրթական դպրոցներէն 32-ը ունին տեղային ջեռուցում, 2 դպրոց ջերմութիւն կ՛ապահովեն ելեկտրական սալիկներով, 41 դպրոց` կազով, 2 դպրոց` տիզելային վառելանիւթով գործող վառարաններով: 2015-ին պետական պիւտճէով վերանորոգման աշխատանքներ կատարուած են Կողբի թիւ 1, Ներքին Ծաղկաւանի, Իջեւանի թիւ 5, Գանձաքարի, Արճիսի դպրոցներուն մէջ:

Մարզի դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդեն շուրջ 2120 ուսուցիչներ, որոնց մեծ մասը ունի բարձրագոյն կրթութիւն: 2013-2016 թուականներուն մարզէն 12 ուսուցիչ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն ստացած է որակաւորման առաջին աստիճան: Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրով եւ Տաւուշի մարզպետարանի աջակցութեամբ 2015-2016 տարեշրջանին զոհուած, հաշմանդամ դարձած զինուորներու, ծնողազուրկ եւ ընկերային հարցեր ունեցող բազմազաւակ ընտանիքներու 7-13 տարեկան 220 դպրոցականներ իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարին մէջ:

ՄԱԿ-ի «Դպրոցական սնունդ» ծրագիրով Տաւուշի մարզի դպրոցներուն 1-էն 4-րդ դասարանցիները եւս անվճար սնունդ կը ստանան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը` ներկայացնելով կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուած փոփոխութիւնները: Ան ընդգծած է, որ կ՛ակնկալէ մանկավարժներու  մասնագիտական գնահատականներ` կատարուած քայլերուն եւ առկայ  խնդիրներուն վերաբերեալ:

«Ես չէ, որ հայրենասիրութեան դասեր պէտք է տամ ձեզի. տաւուշցիներդ ամէնօրեայ կեանքով եւ աշխատանքով գործնական գետնի վրայ  կ՛ապացուցէք ձեր հայրենասիրութիւնը: Տաւուշի մարզի ուսուցիչները  արդէն գործնական հայրենասիրութեան օրինակ են: Մեր իրականութեան մէջ, ցաւօք, յաճախ հայրենասիրութեան դրսեւորումները ոչ իրական դրութեան մէջ են, եթէ մենք այն ամբողջութեամբ իրական կեանք բերենք, կրթութիւնը իր հիմնական առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ: Այս հայրենասիրութիւնն է, որ նկարագրած ենք կրթութեան զարգացման ծրագիրին մէջ` տալով կրթութեան տեսլականը` հայ տեսակի շարունակութեան ապահովում», նշած է նախարարը եւ ընդգծած, «այսօրուան մեր երեխաները դասագիրք չեն սիրեր, դասագիրքերը օտար են մեր երեխաներուն համար, այնինչ դասագիրքի միջոցով պէտք է ապահովենք մեր սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութիւնը, որ  իր հերթին պիտի նպաստէ հայ տեսակի պահպանման»:

 

 

Նախորդը

Գերմանական – Հայկական Համախմբումի Անդամները Հայաստան Կ՛այցելեն

Յաջորդը

1-3 Սեպտեմբեր` Լեռնային Ղարաբաղի 25-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?