Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանական – Հայկական Համախմբումի Անդամները Հայաստան Կ՛այցելեն

Օգոստոս 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_albert_82916

29 օգոստոսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ ընդունեց Գերմանական-հայկական համախմբումի պատուիրակութիւնը` անոր նախագահ, Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ալպերթ Վայլերի գլխաւորութեամբ:

Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը` հայ-գերմանական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման ու ընդլայնման առումով:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի համագործակցութեան համար եւ քննարկեցին փոխյարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Ալպերթ Վայլեր նախարար Նալբանդեանին ներկայացուց համախմբումին կողմէ կատարուող աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արժեւորեց Գերմանական-հայկական համախմբումի անդամներուն կարեւոր ջանքերը այդ հոլովոյթին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Այս առումով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց միութեան հետ նոր իրաւական հիմքի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու առնչութեամբ:

Ապա պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ բարձր գնահատեց Ալպերթ Վայլերի ունեցած ներդրումը երկու երկիրներու միջխորհրդարանական եւ միջպետական յարաբերութիւններու առաւել խորացման եւ զարգացման առնչութեամբ:

Խորհրդարանի ղեկավարը արժեւորեց Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի համագործակցութիւնն ու կապերու աշխուժացումը: Ազգային ժողովի նախագահը ողջունեց շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ շրջանային համագործակցութեան խթանման առնչուող գերմանական կողմին  ջանքերը: Այս պարունակին մէջ Գալուստ Սահակեան կարեւոր նկատեց Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն Արցախ այցելութիւնը: Գալուստ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Գերմանիոյ խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունման համար: «Համոզուած եմ, որ նման ոճրագործութիւններ ընդունելու եւ դատապարտելու ճամբով միայն կարելի պիտի ըլլայ կանխել անոնց կրկնութիւնը ապագային», յայտնեց Գալուստ Սահակեան:

Ալպերթ Վայլեր յատկանշական նկատեց իր խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունումէն ետք Հայաստան տրուած այցելութիւնը: Անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ան եւս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն խորհրդարանականներուն փոխադարձ այցելութիւնները, յարաբերութիւններու խորացումը, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ: Անդրադառնալով շրջանային խնդիրներուն` Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամը նշեց, որ Գերմանիան իր հերթին կը ջանայ կարելին ընել շրջանային խաղաղութեան պահպանման համար:

Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարը համոզում յայտնեց, որ Ա. Վայլերի օժանդակութեամբ պիտի շարունակուի եւ աւելի  պիտի զարգանայ Գերմանիոյ ու Հայաստանի աւանդական ջերմ համագործակցութիւնը: Հանդիպման աւարտին Գալուստ Սահակեան հայ-գերմանական կապերու ամրապնդման եւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Ալպերթ Վայլերը պարգեւատրեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Գերմանիոյ Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւէն

Յաջորդը

«Կրթութեան Մեր Տեսլականը Հայ Տեսակի Շարունակութեան Ապահովումն Է» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?