
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ նախկին նախարար Մարուան Շարպել:


