Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Նախագիծը Դրուած Է Շրջանառութեան Մէջ

August 26, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_82516

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին Իրանի հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացուցած է:

«Իրանի հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման գաղափարը առկայ եղած է վաղուց, սակայն անիկա արձանագրուած չէ: Վարչապետին վերջին այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն Իրանի հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերող: Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ կարելիութիւն պիտի տայ ապրանքներու արտադրութեան եւ ծառայութիւններու մատուցման առումով լաւ յարաբերութեան ստեղծման` թէ՛ Իրան¬Եւրասիական տնտեսական միութիւն, եւ թէ՛ հոս արտադրուած ապրանքներու տարբեր երկիրներ արտածման առումով` օգտուելով այն առեւտրական դրութիւններէն, զորս Հայաստան ունի Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ այլ երկիրներու հետ», յայտնած է տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին եւ Իրանի միջեւ արդէն համաձայնութիւն առկա՞յ է այդ հարցին շուրջ` Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ ատիկա կայացած է Հայաստանի վարչապետին առաջարկին հիման վրայ, իսկ այժմ Հայաստանի հիմնական խնդիրը օրէնսդրական ապահովուածութիւն ունենալն է: Այդ նպատակով ալ շրջանառութեան մէջ դրուած է ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման նախագիծ մը, որ համաձայնութիւններու փուլին մէջ է, եւ յառաջիկային աւելի պիտի դիւրացուին թէ՛ ուղղութիւնները, թէ՛ նպատակադրումները:

Տնտեսութեան նախարարը չէ նշած,  թէ Իրանի հետ սահմանագօտիին վրայ ե՛րբ պիտի ստեղծուի առեւտուրի տնտեսական գօտի, սակայն աւելցուցած է, որ ցանկութիւն կայ առաւելագոյն ազատութիւն հաղորդել, որովհետեւ այս գօտին պիտի ըլլայ արտադրութեան կազմակերպման եւ բարձրարժէք ծառայութիւններու մատուցման հարթակ: Լրագրող մը հարցուցած է, որ Հայաստան կարելիութիւն պիտի ունենա՞յ Ռուսիայէն անկախ ազատ առեւտրական գօտի հաստատել Իրանի հետ, Արծուիկ Մինասեան ըսած է, որ այդ կարգավիճակը ի սկզբանէ Հայաստանին տրուած է, Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ յաւելեալ նոր փաստաթուղթի ստորագրութիւն չէ նախատեսուած եւ ատոր կարիքը չկայ:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Ներկայացուած Է Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Ընտանիքներուն Օժանդակելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Համաներում Յայտարարելու Որոշում Որդեգրուեցաւ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.