Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարուժին Սկզբունքը

Օգոստոս 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

0817varoujan4

Քառասուն տարուան ընկերութեան բարիքով զինուած կը յանդգնիմ բացարձակ ճշմարտութիւններով ներկայացնել այն հիմնական սկզբունքը, որով Վարուժան Գունտաքճեան (անունը այսպէս յիշելով՝ պաշտօնականութիւն մը կը յայտնուի, բան մը, որ բոլորովին խորթ էր իր նկարագիրին, իր բնաւորութեան) ղեկավարած է իր կեանքը: Անշուշտ, գիտակցաբար կամ մտածուած ձեւով չէ՛, որ ան ճշդած է այսպէս թէ այնպէս վարուիլ, որպէսզի հարազատ մնայ իր որդեգրած սկզբունքներուն: Պարզապէս՝ այդպէս «ստացուած» է, ինչպէս պիտի ըսէին իր պաշտած հայրենիքի այնքա՛ն սիրած քաղաքացիները:

Պատասխանատուութեան գիտակցութեան սկզբունքն է՝ ամէն ինչի հանդէպ, որ թանկագին էր իրեն համար. ազգ, հայրենիք, պետութիւն, ընտանիք, ընկերներ, շրջապատ… Նախապատուութեան շարք դնելը այստեղ անիմաստ է, որովհետեւ միայն քարոզչական մակերեսայնութեան համ կրնայ տալ պարզապէս ստորագծումը իր հայրենասիրութեան ուժգնութեան, բայց եկէք այդ հերթականութիւնը զանցենք, որովհետեւ բոլորին հանդէպ անմնացորդ նուիրում ունէր ան:

Այս սկզբունքը առանձնացնելով իրապէս բաւարար կ՛ըլլայ իր ամբողջ կեանքի դրուագները բացատրելու, հասկնալու եւ իմաստաւորելու: Ես իր կենսագրութեան դամասկոսեան եւ լիբանանեան բաժինը միայն իր պատմածներէն իմացած եմ, եւ միտքիս մէջ հիմա եւս կը գծագրուին իր եւ իր մեծ եղբօր՝ Ալէքին, ապրուստ ապահովելու պայքարին լծուած պատանի-երիտասարդներուն կանխահաս լրջութիւնը, հասունութիւնը, բայց եւ՝ ձեռներէցութիւնն ու նախաձեռնելու խիզախութիւնը, որոնց բոլորին պէտքը ունեցան անոնք, իրենց կեանքը դասաւորելու համար նոր երկիրի ու նոր պայմաններու մէջ: Դասաւորեցին բաւակա՛ն յաջողութեամբ, եւ իրենց փոխադարձ հաւատարմութիւնն ու սէրը, որուն անբաժան մասնիկն էր նաեւ իրենց մեծ քրոջ՝ Արփինէին հանդէպ խորագոյն զգացումը, ուղղորդեցին իրենց ընտանեկան յարաբերութիւնները:

Գործի աշխարհին մէջ, իր առաջին գլխաւոր հովանաւորը, աջակիցը, ընկերը՝ Մանասն էր, Պուճիկեան, որուն հանդէպ մինչեւ կեանքին վերջը պահեց յատուկ ջերմութիւն: Չեմ կարծեր, թէ որեւէ պահու, այս երկու մարդիկը խօսքով իրարու յայտնած են իրենց զգացածը միւսին հանդէպ: Գիտէին եւ կարիք չկար շատախօսելու: Կը ցաւիմ Մանասին՝ իր մեծ կորուստին համար: Այստե՛ղ ալ ընկերական հաւատարմութիւնը անսակարկելի եղած է:

Կուսակցական կեանքի մէջ Վարուժան գտած էր իր առօրեայի իմաստաւորումը: Դաշնակցականի կերպարին իմ պատկերացումս Վարուժանը կը զետեղէ օրինակելիներու առաջին շարքին վրայ: Մէկը, որ կուսակցութեան նուիրուած է՝ առանց նեղ կուսակցականութիւնը դարձնելու իր գործունէութեան ու վերաբերմունքին հիմքը: Լայն էր իր հորիզոնը, որուն մէջ կ՛ընդգրկուէին բոլոր անոնք, որոնք ազգին համար օգտակար բան մը կ՛ընէին, անկախ իրենց կուսակցական կամ այլ պատկանելիութիւններէն:

Այս նկարագրային գիծը օժտած էր զինք հանդուրժողական իւրայատուկ ջիղով մը՝ լայնամիտ գնահատումներով արժեւորելու իւրաքանչիւր հայրենօգուտ աշխատանք:

Մարդկային իր նկարագիրի ամէնէն ուժեղ յատկանիշներէն մէկը առատաձեռնութիւնն էր, իր շահած բարիքներէն բաժին հանելը իր շրջապատին, ազգային հաստատութիւններուն, կառոյցներուն եւ կարիքաւոր անձերուն: Այս վերջինը յատուկ շեշտաւորումով իր կեանքին մէկ մասը դարձաւ՝ հայաստանեան իր կենցաղին պարագային: Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հասնիլ ազգին ու շրջապատին, իսկ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, չեմ կարծեր, թէ որեւէ կարիքի առջեւ անտարբեր անցած է ան. անոր համար ալ պէտք էր պաշտպանել զինք չարաշահողներէ ու պատեհապաշտներէ: Բառին բուն առումով, Վարուժը, հայաստանեան իր օրերուն, դպած է հարիւրաւոր, իսկ իր հովանաւորած դպրոցաշինութեան կամ գիւղական ծրագիրներուն ընդմէջէն՝ հազարաւոր մարդոց կեանքին: Ամէնօրեայ տագնապի մէջ էր, սակայն, տեսնելով իր ժողովուրդին անցուկ վիճակը, աղքատութիւնը, թշուառութիւնը, անյուսութիւնը: Մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը, երբ հիւանդութիւնը սկսած էր կրծելու իր մարմինը, իր արտայայտած մտահոգութեան գլխաւոր նիւթը Հայաստանի ու Արցախի ապագան էր. ազգային մեր բոլոր տարտերուն ու ցաւերուն ծանրութիւնը աւելի զգալի կը դառնար իր ֆիզիքական տկարութեան պատճառով:

Ընկերական միջավայրի մէջ, Վարուժանը իր իւրայատուկ բառամթերքով, իր սիրած երգերու հնչիւններով, իր կենսախնդութեամբ կրնար ժպիտ բերել ամէնէն ճնշուած հոգիներուն: Վերջին տարիներուն յայտնապէս ֆիզիքական ցաւերու մէջ էր, սակայն միշտ պատրաստ էր նախաձեռնելու տրամադրութիւն բարձրացնող քայլերու՝ Աստուած գիտէ ի՛նչ ծանր գինով:

Վարուժի կորուստին ցաւը մե՛ծ է շատերու համար: Մենք մեր շրջապատին մէջ կը զգանք այդ մէկը, կը զգանք՝ իր անմիջական ընկերներու աչքերուն մէջ նայելով, կը զգանք՝ հեռաւոր տարածքներէ հասած խօսքերու տխուր երանգները լսելով:

Եւ՝ կը կարօտնանք Վարուժին:

 

Նախորդը

Երուանդ Տեմիրճեանի Անմոռանալի Յիշատակին (Հանգուցեալին Մահուան 20-րդ Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Մահուան 10-Ամեակ Երգ Հաւատարմութեան

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?