
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ կապ կը պահէ անոնց միջեւ յաջորդ հանդիպումի կազմակերպման համար:
«Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները հաստատեցին յաջորդ հանդիպումը կատարելու պատրաստակամութիւնը` բանակցային հոլովոյթին յառաջխաղացքը ապահովելու նպատակով: Մենք կը շարունակենք նախագահներուն միջեւ յաջորդ հանդիպման կազմակերպման կարելիութիւններուն որոնումը եւ կապ կը պահենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` հանդիպումի կազմակերպման ընթացիկ առաջարկները քննարկելու համար», յայտարարած է Ուորլիք:
Ան յայտնած է, որ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները «նոր ազդակ հաղորդեցին տագնապի լայն լուծման բանակցային հոլովոյթին»: «Կարեւորը այն է, որ նախագահները վերահաստատեցին տագնապի խաղաղ լուծման իրենց յանձնառութիւնը` շփման գիծին վրայ յարաբերական կայունութեան պահպանումով: Բացի ատկէ, աշխուժօրէն քննարկուած են առաջարկներ, որոնք կրնան վերականգնել երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութիւնը»:
«Մենք կը պահպանենք լաւատեսութիւնը եւ կը հաւատանք, որ այս տարի համանախագահները, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աջակցութեամբ, պիտի շարունակեն աշխատանքը տագնապի լուծման գործին մէջ յառաջընթացի հասնելու ուղղութեամբ: Տագնապի խաղաղ ու վերջնական լուծումը կախեալ է երկու կողմերու քաղաքական կամքէն», աւելցուցած է Ուորլիք:
Ան նաեւ ողջունած է իբրեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման երաշխաւոր հանդէս գալու Ռուսիոյ առաջարկը: «Մենք կ՛ողջունենք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական մասնակցութիւնը այն ջանքերուն, որոնք նպատակաուղուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կայուն լուծման հասնելուն», ըսած է Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը:
Մէկ օր առաջ «Արմէնփրես» հաղորդած էր, որ Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մնայուն կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ կ՛ունենան յաճախակի հանդիպումներ:
Ան նշած է, թէ հակառակ անոր որ օգոստոսին ծրագրուած ոչինչ կայ, համանախագահները կը փորձեն շարունակել երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ կապն ու համագործակցութիւնը:
«Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ երկու նախագահները ցանկութիւն յայտնած են դարձեալ հանդիպիլ տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար: Մենք կը քննենք նոր հանդիպումի կարելիութիւնը: Գոյութիւն ունեցող առաջարկները քննարկելու համար մենք մշտապէս կապ կը պահենք նախագահներուն եւ նախարարներուն հետ», ըսած է Ուորլիք:


