12 օգոստոսին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած դատական նիստին ընթացքին մեղադրող դատախազ Գէորգ Գէորգեան պահանջեց ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքովը մեղաւոր նկատել գիւմրեցի Աւետիսեաններու եօթը հոգինոց ընտանիքի սպանութեան մէջ` զուգորդուած աւազակային յարձակումով, նաեւ հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատելու փորձով, եւ պահանջեց զայն դատապարտել ցմահ բանտարկութեան:
Յաջորդ դատական նիստին ելոյթ պիտի ունենայ Փերմեաքովի պաշտպանական կողմը: