12 օգոստոսին սպանական Պենալմատենա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած է եւ դատապարտած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Քաղաքային խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած են յայտարարութեան: Այս քայլով Պենալմատենան համալրած է Սպանիոյ` նման որոշում ընդունած երկու տասնեակէ աւելի քաղաքներու շարքը: