«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ժան Մարք Էյրօ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը:
«Կարծիքներ փոխանակուած են սուրիական հարցին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման կացութեան շուրջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Խրիմի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները: