Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛աջակցի Ուաշինկթընի Մէջ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Կայացման

August 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANCA_81116

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են քրիստոնեայ հարիւրաւոր հոգեւոր առաջնորդներ` ամբողջ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման հարցին մէջ շօշափելի քայլերու նախաձեռնումը: Խորհրդաժողովին խորագիրն է «Ցեղասպանութենէն անդին. պահպանելով քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ»: Խորհրդաժողովի առաջին օրը կը նախատեսուի կազմակերպել միջեկեղեցական աղօթք` տարբեր կրօնական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Յաջորդ օրը խորհրդաժողովին մասնակիցները հանդիպումներ պիտի ունենան Քոնկրեսին մէջ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի շուրջ հարիւր ներկայացուցիչներու հետ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շարունակաբար համագործակցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու հետ` երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան առջեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու խնդիրներուն բարձրացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ յստակօրէն աջակցած է Օպամայի վարչակազմին կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց նկատմամբ կատարուած վերջին տարիներու գազանութիւնները իբրեւ մերօրեայ ցեղասպանութիւն որակելու հարցին մէջ:

15 մարտ 2016-ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 393 թեր եւ 0 դէմ քուէներով որդեգրած էր դեմոկրատական Աննա Էշուի եւ հանրապետական Ճեֆ Ֆորթենպերիի համահեղինակած թիւ 75 բանաձեւը, որով ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու, ներառեալ` հայերու եւ ասորիներու, ինչպէս նաեւ եզիտիներու եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ գործողութիւնները կ՛որակուին ցեղասպանութիւն: Երկու օր ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յստակօրէն նշած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներն ու սպանութեան փաստերը ընդդէմ քրիստոնեաներու, եզիտիներու եւ շիիներու, ցեղասպանութիւն են` մասնաւորաբար ընդգծելով նաեւ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը իբրեւ այս պատմական համայնքներու մշակութային ոչնչացման քայլ:

 

Նախորդը

«Արցախի Հարցով Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Առաջարկները Նման Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Զարգացման Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահը Ասկէ Ետք Պիտի Ըլլայ Տնտեսութեան Նախարարը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.