Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Հարցով Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Առաջարկները Նման Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

August 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

cavoush_81116

Ղարաբաղեան տագնապի հարցը պիտի քննարկուի Ազրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսիա ձեւաչափով. ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, 10 օգոստոսին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու` պնդելով, որ տագնապը այդ ձեւաչափով քննարկելը ձեռնտու է բոլոր կողմերուն:

Չաւուշօղլու նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա պատրաստ է նպաստելու Արցախի տագնապին լուծման, քանի որ անիկա լուրջ սպառնալիք է ամբողջ շրջանի կայունութեան եւ ապահովութեան համար:

«Մենք նախապէս եւս ջանքեր գործադրած ենք տուեալ տագնապին լուծման գծով», ըսած է թուրք նախարարը, որ անցեալ ամիս կը պատրաստուէր Անգարայի մէջ ընդունելու տագնապին լուծման հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, որպէսզի անոնց յորդորէ, որ պաշտպանեն Պաքուի դիրքորոշումը: Սակայն այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ` Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական բախումներուն պատճառով:

Չաւուշօղլու աւելցուցած է, թէ Անգարա այժմ կը քննարկէ Ռուսիոյ առաջարկները: «Այդ նախաձեռնութիւնները կը համընկնին նո՛յն անոնց հետ, զորս ժամանակին մենք կ՛առաջարկէինք Հայաստանին, տագնապին լուծման ծիրին մէջ: Ինչպէս ռուս, այնպէս ալ ազրպէյճանցի եղբայրները կողմ են, որ Անգարա իր ներդրումը ունենայ տագնապին լուծման մէջ», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` վստահեցնելով, որ Անգարա իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ քայլերու պիտի ձեռնարկէ` ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

Նշենք, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսիա համագործակցութեան ձեւաչափին նախաձեռնողը Անգարան էր, իսկ Պաքու հաւանութիւն տուած է համագործակցութեան այդ նոր ձեւաչափին:

Ըստ Չաւուշօղլուի, Ռուսիոյ նախագահը եւս դրական արձագանգ տուած է ղարաբաղեան հարցին շուրջ Ռուսիա-Ազրպէյճան-Թուրքիա ձեւաչափով քննարկում կազմակերպելու առաջարկին:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Առողջարար Սնունդի Լիբանանեան Խորհուրդի Նախագահը Նշանակելու Հոլովոյթին

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛աջակցի Ուաշինկթընի Մէջ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Կայացման

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.