
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստէն ետք խորհրդարանի հանրապետական փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան յայտարարած է, որ այս օրերուն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի խոստացած ազգային համաձայնութեան իշխանութեան ձեւաւորումը կ՛ենթադրէ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք համաձայնական համապարփակ կառավարութեան կազմութիւն:
«Այն բարեփոխումները, որոնք մենք կատարած ենք Սահմանադրութեան մէջ, ունեցած են իրենց մէջ այդպիսի գաղափարախօսութիւն, որ երկրի կառավարման հոլովոյթներուն մէջ պիտի ըլլայ ազգային համաձայնութիւն: Այս նպատակով մենք կատարեցինք Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները եւ ընտրութիւններուն արդիւնքով մենք պիտի ունենանք, ըստ մեզի եւ ըստ Հայաստանի նախագահին, ճիշդ այդպիսի լայն համաձայնութեան կառավարութիւն», նշած է Նաղդալեան:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ նման կառավարութեան կազմութեան նպատակով արդեօք Հանրապետականը բանակցութիւններ կը վարէ՞ այլ քաղաքական ուժերու հետ` Նաղդալեան ըսած է. «Ես պատրաստ չեմ պատասխանելու, թէ ճիշդ ի՛նչ բանակցութիւններ կան կամ կրնան ըլլալ այս պահուն կամ այլ ժամանակահատուածներու ընթացքին»:


