
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ծննդեան օրուան առիթով վերջինիս ուղղած շնորհակալական նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ Ազրպէյճան մեծ յոյսեր կը կապէ Միացեալ Նահանգներուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:
«Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Միացեալ Նահանգներու եւ անձամբ պարո՛ն նախագահ ձեր ջանքերուն հետ` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար լուծման` միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն հիման վրայ», կ՛ըսուի Ալիեւի նամակին մէջ:


