
«Սասնա ծռեր» զինուած խումբի անդամ Աշոտ Պետրոսեան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն հացադուլ յայտարարած է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց անոր փաստաբան Արայիկ Պապիկեան:
Փաստաբանին խօսքով, «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ գտնուող Պետրոսեանը, որ մեղադրուած է շէնք եւ շինութիւներ գրաւելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու, տեղափոխելու եւ կրելու մէջ, ցանկութիւն յայտնած է, որ իրեն այցելեն յայտնի յօրինողներ Տիգրան Մանսուրեանը եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանը:
Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, 26-27 յուլիսի լուսցող գիշերը Աշոտ Պետրոսեան զինուած խումբի մէկ այլ անդամի` Յովհաննէս Յարութիւնեանին հետ դուրս եկած է գունդի տարածքէն եւ փորձած է ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, ոստիկանները կրակ բացած են, որուն պատճառով զինուած խումբի երկու անդամները հրազէնային վիրաւորումներով փոխադրուած են հիւանդանոց:
Անսալով Սեֆիլեանի Կոչին`
Պաւլիկ Մանուկեան Դադրեցուց Հացադուլը
Նոր Հայաստան շարժման առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեան երէկ «Վարդաշէն» բանտէն նամակ ուղարկած է Պաւլիկ Մանուկեանին` անկէ խնդրելով դադրեցնել հացադուլը: Վերջինս նախ մերժած է, սակայն 4 օգոստոսի երեկոյեան դադրեցուցած է հացադուլը:
4 օգոստոսի կէսօրին փաստաբան Ինեսա Պետրոսեան յայտարարած էր, որ Պաւել Մանուկեան չէ հրաժարած հացադուլէն: Աւելի ուշ Պետրոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակեց «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-էն Պաւլիկ Մանուկեանի նամակը, որուն մէջ կը հաստատէր, որ կ՛անսայ ժողովուրդին եւ Սեֆիլեանի կոչին:
Փաստաբան Ինեսա Պետրոսեան նաեւ անդրադարձած է Պաւել եւ Արամ Մանուկեաններուն վիճակին` հաստատելով, որ անոնց կացութիւնը ծանր է: «Անոնք կը շարունակեն գամուած մնալ մահճակալին, անոնց վէրքերը խոր են: Պաւել Մանուկեան յառաջիկայ օրերուն պէտք է վիրահատութիւններու ենթարկուի», ըսած է ան:
«Սասնայ Ծռեր»-ու Անդամը Ազատ Արձակուած Է`
Քաղաքէն Չբացակայելու Պայմանով

Հայաստանի լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրած են տեղեկութիւններ, որ 17 յուլիսին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած եւ երկու շաբաթ իր վերահսկողութեան տակ պահած «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի անդամ Գէորգ Մելքոնեանը, քաղաքէն չբացակայելու ստորագրութեամբ, ազատ արձակուած է:
Յիշեցնենք, որ Գէորգ Մելքոնեան, ըստ ոստիկանութեան, պարեկապահակային գունդի տարածքէն «դուրս հանուած է» նախքան զինուած խումբին յանձնուիլը: Ոստիկանութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ ան հաստատած է, որ պատահաբար յայտնուած է զինուած խումբին մէջ եւ չէ գիտցած, թէ ի՛նչ նպատակ ունէին զինեալները:


