
4 օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, որ 10 օգոստոսին նախագահներ Սերժ Սարգսեանի ու Վլատիմիր Փութինի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին հաւանական է, որ քննարկուի նաեւ ղարաբաղեան տագնապը:
«Բազմաթիւ հարցեր կան քննարկելու, այն ալ մեր արագ փոփոխուող շրջանին հետ կապուած, նաեւ շատ հաւանական է, որ չշրջանցուի ղարաբաղեան հարցը: Տարածքներ զիջելու մասին ալ երբեք խօսք չէ եղած եւ չկայ», հաստատած է Քոչարեան:
Նախքան Փութին-Սարգսեան հանդիպումը, 8 օգոստոսին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու եռակողմանի վեհաժողովին ծիրին մէջ առանձին հանդիպում պիտի ունենան Ալիեւն ու Փութինը: Յաջորդ օրը` 9 օգոստոսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փութին պիտի ընդունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը:
Լրագրողները Շաւարշ Քոչարեանին հարցուցած են, թէ կարելի՞ է, որ Մոսկուայի հանդիպումը բեկումնային ըլլայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: «Կայ երկու հարթութիւն, մէկ հարթութիւնը կը վերաբերի այն բանին, որ արձանագրուեցաւ Վիեննայի մէջ եւ Վիեննայէն ետք` Ս. Փեթերսպուրկ: Ատիկա կը վերաբերի անոր, որ ըլլայ վստահութեան մթնոլորտ, իսկ ատիկա նախ եւ առաջ կը նշանակէ, որ շփման գիծին մէջ պէտք չէ սադրանքներ ըլլան, կրակոցներ եւ այլն: Ատիկա յայտնի է: Ատիկա կը վերաբերի այն մեքանիզմներուն, որոնք առաջարկած են համանախագահող երկիրները: Երկրորդ հարթութիւնը բուն բանակցային հոլովոյթն է, որ կրնայ յառաջ մղուիլ միայն այն պարագային, երբ այս բոլոր հարցերը այս կամ այն կերպ… բանակցութիւնները կ՛ընթանան, բայց ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական կողմը կրկին, ատիկա արդէն նոր չէ, այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք կան… բանակցային սեղանի շուրջ [Պաքուն] լրիւ այլ բաներ կը ներկայացնէ: Յամենայն դէպս ակնյայտ է, որ արդէն քայլեր կ՛առնուին այդ բանակցութիւններուն արդիւնքները վիժեցնելու ուղղութեամբ», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:
Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի պահանջներէն մէկը կ՛առնչուէր ղարաբաղեան բանակցութիւններուն, կրնա՞յ ըլլալ, որ այժմ ատիկա ազդեցութիւն ունենայ բանակցութիւններուն ընթացքին վրայ: Քոչարեան ըսած է. «Կը դժուարանամ այդ հարցին յստակ պատասխանել»: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք նախագահ Սարգսեանի այս օրերուն կատարած յայտարարութիւնը, թէ ղարաբաղեան հարցին մէջ միակողմանի զիջումները բացառուած են, արձագա՞նգ է արտաքին ճնշման` փոխնախարարը ըսած է. «Այդ յայտարարութիւնը կատարուած է ոչ թէ ի պատասխան արտաքին ազդակներու, այլ ներքին»: Իսկ «ճնշումներուն» առնչութեամբ Շ. Քոչարեան դիտել տուած է, որ միջնորդները ո՛չ թէ ճնշումներ կը բանեցնեն, այլ կը փորձեն կարելի եղածին չափ մօտեցնել կողմերուն դիրքորոշումները, «ինչ որ բնական է»:
Շաւարշ Քոչարեան անդրադարձած է նաեւ Ռուսիոյ խորհրդարանի Ազատական ժողովրդավարական խմբակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի Հայաստանի հասցէին կատարած «թքած ունիմ Հայաստանի վրայ» վիրաւորական յայտարարութեան: «Ես չեմ կարծեր, որ այդ անհեթեթ յայտարարութիւնը կը պահանջէ բազմաթիւ պաշտօնեաներու արձագանգ, այդքան չարժեւորենք: Բաւական է պատասխանը, որ տուած է Ռուսիոյ մէջ (Հայաստանի) դեսպանը», նշած է ան:


