ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է պահպանել դրական պահը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին մէջ:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկիրները կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակման:
Ուորլիք նաեւ նշած է, որ համանախագահները կը քննեն երկու նախագահներու յաջորդ հանդիպումին կազմակերպման կարելիութիւնը: