Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԳԻՏԱԿԻՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

September 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մեր վերնագիրը մտահոգութիւն մը կը մատնանշէ, մտահոգութիւն, որ կու գայ ազգային ինքնութեան արժէքը անտեսելէ, օտարամոլութենէ: Հայը ինքզինք չի ճանչնար, եթէ ճանչնար, պիտի չհետեւէր օտարին ունեցած խորթ բարքերուն, եթէ հայը լաւ ճանչնար իր արմատները, թէ` ո՞վ է ինք, ի՞նչ է իր նպատակը, թէ` ինչո՞ւ սփիւռք է եւ ինչպէ՞ս պիտի պահպանէ իր եկեղեցին, իր լեզուն, իր պատմութիւնը:

Թեթեւամտութիւնը ողողած է մեզմէ շատերուն կեանքին ընթացքը: Տգիտութիւնը իրեն համար զարգացման եւ օրուան պահանջներուն հետեւիլ չէ, այլ յիմարաբար օգտագործել համացանցային գիտութիւնը` զբաղելով «Ֆէյսպուք»երու արձանագրութեամբ, հոն տեղաւորելու իր առօրեային անիմաստ եւ սովորական հարցերը, թէ` ո՛ւր պիտի երթայ, որո՛ւ հետ պիտի տեսակցի: Նորահաս երիտասարդը ստրուկը դարձած է իր համակարգիչին, որուն դիմաց երկար ժամեր կը սպառէ` զուր զրոյցներ հիւսելով, «Ֆոթօ շոփ»եր պատուաստելով, զարմացնելու համար իր հեռաւոր ու մօտաւոր բարեկամը, ծանօթն ու անծանօթը, իր ընկերը կամ ընկերուհին…

Սանձարձակ ազատութիւն մը տարածուած է մեր շուրջը, ազատութիւն մը, որ պարպուած է իր գեղեցիկ իմաստէն եւ դարձած է անբարոյութեան հոմանիշ: «Ես ազատ եմ իմ կեանքը ապրելու այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզեմ»… Այս է սկզբունքը նորօրեայ մեր երիտասարդութեան, պատանիի թէ պարմանին, մասնաւորաբար: Միւս կողմէ` ԸՆՏԱՆԻՔ հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր խորհուրդը` անկաշկանդ տրամադրութեամբ տեղ տալով ամուսնալուծութեան:

Մեր ինքնութիւնը անտեսողներու շարքը երկար է: Այսպիսիք պատճառ եղան մեր հայկական զգացումներուն, աւանդութեան, մեր համոզումներուն եւ հաւատքին խախտումին:

Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, օտար վարժարաններու յանձնուած մեր մատաղ սերունդին տոկոսային հաշիւը 42 առ հարիւր է: Մեծ է այս թիւը եւ վտանգած` մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու մեր պարտքը:

Ինչ կը վերաբերի օտար ամուսնութեանց տոկոսային հաշիւին, հոս հասած ենք կարմիր գիծին, որովհետեւ հասած է 50 առ հարիւրի:

Նոյնիսկ եղան անձեր, որոնք անխնայ հարուածեցին մեր եկեղեցին` նոր հաւատքներ շնորհելով դարձեալ մեր ինքնութեան անգիտակից հայորդիներուն: Կարծէք` չէր բաւեր ունենալ Հայաստանեայց եկեղեցի, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներ, մեզ առաջնորդեցին դէպի օտարոտի եկեղեցիներ` նոր ու օտար անուններով ցուցադրուած: Հոգեգալստեան եկեղեցի, Եհովայի վկաներուն պտոյտը մեր թաղերուն մէջ քիչ ապուր չեփեցին… Կարեւորը հետեւորդ ըլլալն է: Մէկը կը մօտենայ «եղբայրաբար»…

Եթէ գիտնայինք արժէքը Նարեկին, եթէ սորված ըլլայինք Շնորհալիին շարականները եւ աղօթքները, եթէ մեր շրթունքները չմոռնային արտասանել «Առաւօտ լուսոյ»ն եւ անոր 36 գողտրիկ տուները, չէինք հետեւեր այն միւս շեղածներուն, որոնք փքուեցան մամոնային փայլէն եւ խրախոյսէն, կռնակ դարձուցին մեր անբիծ հաւատքին` մոլորեցնելով երիտասարդներ: Ժամանակին այս իմաստով յայտնուած էր Տոքթորեան անունը կրող հաւատքի առեւտրական մը, որ ժամանակաշրջան մը փայլեցաւ ինքնութեան գիտակցութեան պակասով տառապողներու աչքերուն, յետոյ…

Պատմութիւնը կը կրկնուի նոր անուններով. տեղ մը «եղբայր», ուրիշ տեղ «քոյր» մը կը յայտնուի, նպաստաբաշխի խայծերով հաւատացեալ կ՛որսան: Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ` «ո՞ւր թաղուած է շան գլուխը»:

Հայաստանը, ըսես, վերածուած է հաւատք ծախողներու եւ գնողներու լաբիւրինթոսի: Քանի մը օր առաջ լսեցինք հայ մօր մը եհովայական հաւատքին իրագործուած արարքին: Ան իր տան մէջ կախած է իր 4 եւ 6 տարեկան անմեղ մանչուկները, որպէսզի անոնք «արժանանան  Յիսուսին սիրոյն». «Ու եկ Վարդապետ, ու մի՛ խելագարուի…»:

Դաստիարակութեան ահաւոր պակաս: Կ՛ողբանք արեւմտահայերէնի կորուստին մերձենալը: Ինչո՞ւ չմահանայ մեր ոսկեղնիկը, երբ մեր մայրերու գիրկին նոր լեզուի բացուող մանուկը չենք տեսներ, այլ գունաւոր դէմքով ու խորթ լեզուով «մայրերու» գիրկին են նետուած անոնք: Երբ այդ օտար գիրկերէն վար իջնեն, անշուշտ կը բռնեն օտարին ճամբան»:

Որքան դժուարութիւններով, տառապանքով մեր պահած լեզուն կը կորսնցնենք սիրայօժար:

Երբ համացանցը մեզի հրամցուցած է անգլերէնը, ինչո՞ւ մտահոգուինք մեր մայրենի լեզուով: Մօտ ապագային արեւմտահայերէն ուսուցանող ուսուցիչ պիտի փնտռենք ու պիտի չգտնենք: Ուրախացէ՛ք… Նոյնիսկ չենք մտածեր հետեւիլ գիտութեան ընծայած մէկ այլ բարիքին, թէ կրնանք անգլերէն տառերը փոխարինել հայերէն տառերով, դիւրութեամբ: Պատիւը միշտ կ՛երթայ օտարոտիին…

1980-ական թուականներուն Լիբանան եւ լիբանանցին կ՛ապրէին պատերազմի զարհուրելի եւ անյոյս օրեր: Այդ խառնակ օրերէն օգտուող անբարոյ մարդիկ երեւան եկան նոյնիսկ մեր ազգակիցներուն մէջ: Պետական հսկողութիւն կամ պատիժ չկար, բայց ականատես եղանք սրտցաւ եւ բարոյական բարձրութիւնը, մաքրութիւնը պահպանող անձերու որոշումին, թէ ծեծը, ապտակը եթէ կարգի չբերեն մոլորածները, զանոնք կարելի է հրապարակաւ այպանել… Պէտք է յիշել 1986 կամ 1987-ին կատարուած արտասովոր եւ ամօթալի տողանցք մը… Բայց յիշելը բաւարար չէ…

Այս տողերը գրեցինք ցաւ ի սիրտ, կը սպասենք արձագանգի: Օրերը գեղեցիկ չեն: «Հորիզոն» հակաթմրամոլութեան համար պայքարող այս հիմնարկը ամէնէն աւելի տեղեակ է մեր ինքնութիւնը կորսնցուցած մոլորեալներու կենսագրութեան…

Խօսքէն անցնինք գործի, միայն այդ կը փրկէ մեզ…

 

 

Նախորդը

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ` ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՌԱԶՄԻԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ԹԻՒ 3, 2011 ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԽԱՅՏԱՆՔԸ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՈՒՈՒՏ ՊԵՃ»Ի ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։