Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլինթըն «Ամերիկայի Ապագային Նկատմամբ Անհողդողդ Վստահութեամբ» Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածուն Ըլլալ

July 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Clinton1_72916

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն համաձայնած է 8 նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութեան ընթացքին ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:

Ամերիկեան քաղաքական աւանդութեան համաձայն, Քլինթըն պաշտօնական համաձայնութիւնը տուած է` Ֆիլատելֆիոյ մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

«Ես հեզութեամբ, վճռականութեամբ եւ Ամերիկայի ապագային նկատմամբ անհողդողդ վստահութեամբ կ՛ընդունիմ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան` ձեր շնորհակարգումը», ըսած է Քլինթըն:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու համար այսօր վերստին եկած է ճշմարտութեան պահը, հզօր ուժերը կը սպառնան բաժնել զայն, վստահութիւնն ու յարգանքը կորուստի կը մատնուին:

«Ամէն ինչ կախեալ է մեզմէ, մենք պէտք է որոշում տանք, արդեօք միասին պիտի աշխատի՞նք, որպէսզի հետագային աճի հասնինք միացեալ ջանքերով», յայտարարած է Քլինթըն` արժանանալով ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու բուռն ծափահարութեան:

Ընդհանուր ժողովը Քլինթընը իբրեւ թեկնածու հաստատեց 26 յուլիսին: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի թեկնածու որդեգրուեցաւ ծերակուական Թիմ Քէյնի անունը:

Քլինթըն դարձած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ նախագահի պաշտօնին առաջին կին թեկնածուն:

Միւս կողմէ, Քլինթընի եւ Տանըլտ Թրամփի կողքին Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երրորդ թեկնածու` «Կանաչներու» կուսակցութեան թեկնածու Ճիլ Շթայն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ պիտի նպաստէ պատերազմներու տարածման:

«Քլինթընի վարչակազմը միայն պիտի մեծցնէ աջակողմեաններուն կողմէ բողոքի կրակը: Մենք պիտի տեսնենք պատերազմներու տարածում: Ան Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ օդային պատերազմ կ՛ուզէ», յայտարարած է Շթայն:

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Հալէպի Մէջ Զինեալ Խմբաւորումներու Հիմնական Կեդրոնը

Յաջորդը

Անգարա Վերջնագիր Կը Ներկայացնէ Ուաշինկթընին. «Թուրքիոյ Հետ Գործակցութիւնը Յեղաշրջումի Փորձէն Ետք Պիտի Դառնայ Աւելի Դժուար» Կ՛ըսէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէնը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.