
«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճէյմս Քլափըր յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք բանակայիններու շարքերուն մէջ շղթայազերծուած մաքրագործումը աւելի պիտի դժուարացնէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ պայքարը:
Քլափըր ըսաւ. «Ասիկա ազդեցութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ ազգային անվտանգութեան մարմինին բոլոր բաժիններուն վրայ կ՛ազդէ»:
«Մեր զրուցակիցներէն շատերը մաքրագործուեցան կամ ձերբակալուեցան: Անկասկած, ատիկա հարուած մըն է եւ թուրքերուն հետ գործակցութիւնը պիտի դարձնէ աւելի դժուար», յայտարարեց «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները պիտի փճանան, եթէ Միացեալ Նահանգներ մերժեն արտայանձնել Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձը ղեկավարելու յանցանքով:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չարտայանձնեն Կիւլենը, մեր յարաբերութիւնները անխուսափելիօրէն պիտի փճանան»:
Ան նաեւ նշեց, որ մաքրագործման արշաւէն ետք թրքական բանակը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ պիտի դառնայ աւելի ազդու:
Մինչ այդ, «Ճումհուրիյէթ» հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ ընթացող զանգուածային ձերբակալութիւններուն նկատմամբ:
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած անձերէն ոմանք Փենթակոնի սերտ դաշնակիցներ են: «Մենք յարաբերութիւններ ունինք բազմաթիւ թուրք ղեկավարներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ: Ես մտահոգ եմ մեր այդ յարաբերութիւններուն ապագային նկատմամբ», յայտարարած է Վոթըլ:
 
			

