Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ. ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

September 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորէն Մղտեսեան ծնած էր Խարբերդ, կարնեցի ընտանիքի մէջ, 1920-ին: Երկու տարեկանին ընտանիքը կը գաղթէ նախ Հալէպ, ապա Դամասկոս ու վերջապէս 1929-ին կը հաստատուի Պէյրութի Հայաշէն թաղամասը: Իբրեւ ուսումնատենչ պատանի` բախտը կ՛ունենայ աւարտելու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը` 1939-40 տարեշրջանին, դաստիարակ ունենալով Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը:Նոյն տարեշրջանին իսկ կը հրաւիրուի Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարան, ուր կը պաշտօնավարէ 47-48 տարիներ` գրեթէ միշտ իբրեւ տնօրէն, 1944-1945 տարեշրջանին մէկ տարի պաշտօնավարելով Զահլէի մէջ իբրեւ տնօրէն Ազգային Պալգճեան երկսեռ վարժարանին: Նուաճում մը, որ շատ քիչերու տրուած է, անշուշտ իրականացած` շնորհիւ իր անդուլ աշխատանքին, վարչագիտութեան եւ մանաւանդ գուրգուրանքին` հանդէպ իրեն յանձնուած մատաղ սերունդներուն:

Հանգուցեալը իր պատկառելի կրթական վաստակին կը միացնէր նաեւ հայ մշակոյթին անխոնջ զինուորեալը ըլլալու հանգամանքը:Նախ կ՛ըլլայ հիմնադիրներէն Հայաշէնի Համազգայինին: Իսկ վարժարանի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով իր նախաձեռնութեանց մէջ յատկապէս յիշատակելի են տոհմիկ պարերու վերակենդանացման ձգտող իր անվհատ ճիգերը: Ինք կ՛ըլլայ առաջինը, որ կը կազմակերպէ Էրզրում-Վան-Տարօն-Խարբերդ-Քեսապ-Ճեպել Մուսայի պարերու փառատօնը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հսկայ թատերասրահին մէջ, 1956-ի ապրիլին, եւ ընդառաջելով ժողովուրդի պահանջքին` զայն կրկնելով յաջորդ ամիս: Համազգայինի «Քնար» երգի-պարի խումբը, գործակցութեամբ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» պարախումբին, կը կազմէ Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը (1964), որ կը դառնայ Լիբանանի պարծանքը, եւ ելոյթներ կ՛ունենայ Լիզպոնի (1964), Պաալպեքի (1965), Պաղտատի (1966), Ֆրանսայի (1975), Քուէյթի ու Թեհրանի (1978) մէջ, եւ այլուր: Խորէն Մղտեսեան, իբրեւ ընդհանուր պատասխանատու, այս գործին ոգին է, յաճախ անձամբ ալ ընկերանալով խումբին: Այս նախաձեռնութեանց ընթացքին ան կը վայելէ գործակցութիւնը բազմաթիւ արուեստագէտներու` պարուսոյց, խմբավար, մենակատարներ: Իր այս յաջողութեանց մասին ժամանակի հայ թէ օտար մամուլը կը վխտայ ջերմ գնահատականներով: Յիշատակելի կը մնայ այդ գործին ի նպաստ նիւթական կռուաններ գոյացնելու համար կազմակերպուած հայրենական տոհմիկ պարերու ճաշկերոյթ-պարահանդէսն ալ, Պէյրութի «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ` 1967-ին: Մղտեսեան նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Պարարուեստի միաւորին ճամբով կը հաւաքէ Արեւմտահայաստանի գաւառական պարեղանակներն ու երգերը, որոնք Ալեքսան Մնակեանի մշակումով կը վերածուին երկու ձայնապնակներու:

Ան կանուխէն, տասնութ տարեկանին, զինուորագրուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ եւ նիւթաբարոյական պարտականութիւնները լիուլի ու բծախնդրօրէն կատարած է մինչեւ վերջ:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն, 1979-ին, կուսակցութեան կողմէ կը նշանակուի որպէս տնօրէն Ազգային խորհուրդի` հասնելու ժողովուրդի առօրեայ կարիքներուն:

Խորէն Մղտեսեան 1952-ին կ՛ամուսնանայ Մարի Նիկողոսեանի հետ. անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով` Զոհրապ եւ Յակոբ: Ան եղաւ գուրգուրոտ ամուսին, որուն վկան մենք եղանք, երբ կողակիցը անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ կը տառապէր: Ան տիւ ու գիշեր կողքին էր կնոջ, կանգ չառաւ որեւէ զոհողութեան առջեւ: Իսկ իբրեւ հայր` զաւակներուն համար եղաւ խորհրդատու, աչալուրջ ընկեր եւ անոնց քայլերուն ուղղութիւն տուաւ մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք, եւ արդար կերպով հպարտ էր իր այդ յաջողութեամբ եւս:

Քանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանը, բարձր գնահատելով իր վաստակը, 2006-ին զինք պարգեւատրեց «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային ծառայութեան շքանշանով:

Բազմավաստակ այս հայորդիին անունը այսօր երկիւղածութեամբ ու օրհնանքով կը յիշուի իր բազմահարիւր աշակերտներուն եւ գործակիցներուն կողմէ` ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն:

(Քաղուած Տէր Արմէն աւ. քհ. Իշխանեանի դամբանականէն ու Մղտեսեան ընտանիքի արխիւէն)

Նախորդը

ՅՈՎՍԷՓ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

Ի ՅՈՒՇ. ԸՆԿԵՐ ԽՈՐԷՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։