Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ սահմանամերձ Մթըլլէ շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան սահմանապահ ուժերը լիբանանեան կողմէն գնդակոծումի ենթարկուած են: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Իսրայէլեան ուժերը կրակոցի հարցով հետաքննութիւն բացին, իսկ իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ Ղաժարի, Ուատի Ասալի եւ Ապպասիէի սահմանամերձ շրջանին մէջ իրենց հսկողութիւնը խստացուցին:
Միւս կողմէ, Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ նկատուեցաւ «Էմ. Քա.» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը, որ թռիչքներ գործեց` ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: