
Իսլամ հոգեւորականներու հանդիպումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ խիստ մերժելի է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ իր պարտականութիւնն է Հըզպալլայի կարողութիւնները կազմաքանդել:
«Այս կեցուածքը, նոյնիսկ եթէ նորութիւն մը չի նկատուիր` ամերիկեան քաղաքականութեան առումով, դիւանագիտական յայտարարութիւն մը չէ, եւ զարմանալի է, որ լիբանանեան պետութիւնը չէ մերժած անոր լիազօրագիրն ու հաւատարմագիրը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ներկայութիւնը անբաղձալի է:
Իսլամական միութիւններու հանդիպումը իր կարգին դատապարտեց Ռիչըրտի կատարած յայտարարութիւնները` լիբանանցի քաղաքական ուժի մը վերաբերեալ, նկատել տալով, որ անոր կատարածը միջլիբանանեան հարցերու միջամուխ դառնալու համազօր է եւ` Դիմադրութիւնը վարկաբեկելու միտում:
Հանդիպումը կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարարութեան` կասեցնելու այդ միջամտութիւնները:
Միւս կողմէ, հանդիպումը զգուշացուց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին ապահովութեան սպառնացող հաւանական վտանգներէն:


