ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ մաղթեց, որ Թուրքիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը կը վերահաստատուի: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յղած իր հեռագիրին մէջ Ժեմայէլ նշեց. «Զինեալ յեղաշրջումները մերժելի են, իսկ անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ ապրած քաոսային իրավիճակէն յաղթական դուրս եկողը թուրքերն են»:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէս երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած «Ազմ» հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը, որ Միքաթիի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց դեսպանին` Թուրքիոյ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Արաբական աշխարհին մէջ Լիբանանը քաղցկեղի հիւանդութենէն տառապողներու ամէնէն բարձր թիւը ունեցող երկիրն է:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իննսունական թուականներէն ի վեր իրերայաջորդ կառավարութիւնները որդեգրած են տնտեսական սխալ քաղաքականութիւններ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ Խորհուրդին մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Մարք Կրենթ յայտնեց, որ Բրիտանիա մտահոգ է այն իրականութեամբ, որ Իրան կ՛օժանդակէ Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով: Հանդիպումը հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ իրադարձութիւնները կը փաստեն, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց, որ Հըզպալլա այլընտրանք չունի, բացի հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն բնակիչներուն նկատմամբ լիբանանեան պետութեան արձանագրած բացթողումները անկարելի է արդարացնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ներքին լուծում մը գտնելու առիթը տակաւին առկայ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հետ գործակցելու` ապահովելու համար լիբանանցիներուն շահերը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շնորհաւորեց Թուրքիոյ խորհրդարանը` յեղաշրջումի դիմադրելու իմաստով անոր որդեգրած միասնական կեցուածքին առիթով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամէն իմաստով ապօրինի նախագահ է, բացի իրանեան չափանիշներէն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը պիտի հետապնդուի մինչեւ աւարտ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ տակաւին յոյս չկայ մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու եւ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա երկխօսութեան կուսակցութիւն չէ եւ երկխօսութեան մակարդակով ոչինչ կ՛ուզէ ներկայացնել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ քարիւղը գողցող կողմը այն է, որ Իսրայէլի հետ կը գործակցի ի վնաս Լիբանանի շահերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը զօրակցին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Մարատա հոսանքի երիտասարդական եւ ուսանողական թեւի նոր վարչութիւնը` հաստատելով, որ երիտասարդները հիմնական ազդակներն են, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի պահպանումը իբրեւ ազատ եւ միացեալ երկիր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումին արձանագրած ձախողութիւնը կը փաստէ, որ ժողովրդավարութիւնը այդ երկրին մէջ ամրապնդած է ինքզինք:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նասեր Քընտիլ յայտնեց, որ Թուրքիոյ յեղաշրջումին ձախողութեան պատճառը այն է, որ անոր զօրակցող շրջանային կամ միջազգային հովանաւորութիւն չկար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ Աքքար կառչած մնաց պետութեան եւ ապահովական հաստատութիւններուն հանդէպ իր հաւատարմութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարուին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն կը գրէ, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախագահութեամբ մտահոգուելու առումով հասած է զզուելու աստիճանին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի տագնապը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ սպասում:


