
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեամբ շեշտուեցաւ, որ տարբեր անձնաւորութիւններու եւ պետական պաշտօնատարներու, որոնցմէ վերջինին` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարած այցելութիւնները պիտի չկարենան լուծել երկրին նախագահական ընտրութեան հարցը, ինչպէս նաեւ տիրող քաղաքական ընդհանուր տագնապը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց Լիբանանը շրջանին «պատանդը» պահելու իրականութեան, ընդգծելով, որ կարելի չէ Լիբանանը վերակառուցել բացի երբ «պատանդ Լիբանան»-ը ազատ արձակուի:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան տնտեսութեան պարզած իրավիճակը եւ անդրադառնալով քարիւղի եւ բնական կազի պեղման ու արտահանման թղթածրարին նշեց, որ փտածութեան սկզբունքը կ՛ենթադրէ դատական հաշուետուութիւն:


