Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Յեղաշրջման Փորձին Ընթացքին Հայեր Չեն Տուժած

Յուլիս 18, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pakrad__7171615 յուլիսի երեկոյեան սկիզբ առած զինուորական յեղաշրջման փորձին իբրեւ հետեւանք Պոլսոյ մէջ հայեր չեն տուժած: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» հայկական պարբերականի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը:

«Համայնքէն ոեւէ մէկը չէ տուժած: Տուժածները հիմնականին մէջ զինուորներ ու ոստիկաններ են եւ իշխող կուսակցութեան համակիր քաղաքացիներ», նշած է Էստուկեանը:

Ըստ անոր, 16 յուլիսի առաւօտեան Պոլսոյ մէջ իրավիճակը արդէն որոշ չափով հանդարտած էր. «Քաղաքին կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ, բայց, անշուշտ, շատ ցնցող կացութիւն եւ զարգացումներ արձանագրուեցան: 15 յուլիսի կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամերը բազմաթիւ ռմբակոծումներ եղան, զինուորական կործանիչ ինքնաթիռները բազմաթիւ թռիչքներ կը կատարէին, այդ պատճառով ալ ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ», պատմած է Էստուկեան:

Ան դիտել տուած է, որ յաջորդող օրը Պոլսոյ մէջ բազմաթիւ խանութներ չեն բացած իրենց դռները,  սակայն երթեւեկը համեմատաբար աւելի բնականոն դարձած է, հանրակառքերը, նաւերը, մեթրոն սկսած են աշխատիլ:

Բ. Էստուկեան յայտնած է նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական կառոյցները եւս չեն տուժած: «Պոլսոյ մէջ պայթումները հիմնականին մէջ բանակի զօրամասի կողմերը տեղի ունեցան` ջրամբարին մօտ, բնակելի շրջաններուն մէջ չէին: Անգարայի մէջ եւս բախումները հիմնականին մէջ գլխաւոր ապահովական կառոյցին եւ խորհրդարանին մօտ էին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ խորհրդարանին շէնքը մեծապէս վնասուած է: «Անշուշտ ընդհանուր լարուածութիւնը կ՛ազդէ բոլորին վրայ, նաեւ` հայերուն», եզրափակած է Էստուկեան:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանցիները Կը Հակազդեն Թուրքիոյ Ապրած Յեղաշրջումին

Յաջորդը

Նախագահը Գլխաւորեց Խորհրդակցութեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?