
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի` Համայնքներու պալատի մամլոյ բաժանմունքը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, թէ պալատը 5 սեպտեմբերին պիտի քննարկէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ երկրորդ հանրաքուէ կատարելու հարցը:
«Պրեքզիթ»-ի հարցով երկրորդ հանրաքուէի կայացման դիմումը ստորագրած է աւելի քան 4,1 միլիոն անձ: Ստորագրահաւաքին վերաբերեալ յայտարարութիւնը տեղադրուած է Բրիտանիոյ խորհրդարանին պաշտօնական կայքին վրայ: Որեւէ հարց խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառելու համար բաւարար է, որ ատոր ի նպաստ հաւաքուի 100 հազար ստորագրութիւն:
23 յունիսին տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին բրիտանացիներու 51,9 առ հարիւրը քուէարկած էր Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալու օգտին: Միաժամանակ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը մերժած էր քննարկել երկրորդ հանրաքուէ կատարելու հայցը` 23 յունիսի հանրաքուէն անուանելով ներկայ սերունդին համար «միակը»:


