
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ 12 յուլիսին հրապարակուած է «Իփսոս» միջազգային ընկերային կեդրոնի եւ «Ռոյթըրզ»-ի միացեալ հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփի ժողովրդականութեան համեմատութեան տարբերութիւնը բարձրացած է 13 կէտով:
Վերջին տուեալներու համաձայն, որոնք ստացուած են 8 յուլիսէն 12 յուլիս կատարուած հարցախոյզի հիման վրայ, այս տարուան նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութեան ընթացքին Թրամփին քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզին մասնակիցներուն 33 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 46 առ հարիւրը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 21 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած: Այսպիսով, թեկնածուներու միջեւ տարբերութիւնը կը կազմէ 13 տոկոսային կէտ:
Անցեալ շաբաթ տարբերութիւնը, «Իփսոս»-ի եւ «Ռոյթըրզ»-ի տուեալներով, 10 տոկոս էր: Օրին Թրամփին համակրանք յայտնած էր հարցախոյզի մասնակիցներուն 35 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 45 առ հարիւրը, չէր կողմնորոշուած` 20 առ հարիւրը:


