Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱԿԱՏ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

September 23, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ալմակրօ

Սպանական առած մը կայ, որ հետեւեալն է. «Տել տիչօ ալ հեչօ, հէյ մուչօ թրէչօ», կամ մօտաւորապէս` «Ըսելը աւելի դիւրին է, քան ընելը»: Այս խօսքը կարծես թէ կը յարմարի Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական շրջանի անկախութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Ուրուկուէյի պատրաստակամութեան:

Տարակարծութիւնն ու վէճերը սկսան 9 սեպտեմբերին, երբ հայկական լրատու աղբիւրներ հրապարակեցին Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի վերագրուած մեկնաբանութիւններ, որոնց մէջ կ՛ենթադրուի, թէ նախարարը առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան խանդավառ վաւերացումը, եւ իր զօրակցութիւնը` այդ տարածքի Հայաստանի հետագայ միութեան:

Ազրպէյճանական լրատու միջոցները արագօրէն տարակարծիք գտնուեցան, որ Ալմակրօ իրականութեան մէջ աջակցութիւն յայտնած է Ղարաբաղի անկախութեան: Փոխարէնը` անոնք վկայակոչեցին Ալմակրոյի խօսքին պատճէնը, որ առաքած է Լատին Ամերիկայի մէջ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը: Ազրպէյճանի լրատու աղբիւրներու տեղեկութիւնները կը հաղորդեն, թէ նախարար Ալմակրօ պարզապէս խոստովանած է, որ հայերը իրենք կը հաւատան, թէ Ղարաբաղի համար անկախութիւնը եւ Հայաստանի հետ անոր ամուր կապերը կրնան «լաւագոյն միջոցը» ըլլալ:

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չմեկնաբանեց Ալմակրոյի յայտարարութիւններուն մասին կատարուած տարբեր մեկնութիւնները, ոչ ալ հրապարակեց նախարարի խօսքին իր պատճէնը:

Կ՛ենթադրուի, թէ Ուրուկուէյի մէջ կը բնակի շուրջ 20 հազար սփիւռքահայ: 1965 թուականին լատինամերիկեան այս պետութիւնը աշխարհի առաջին երկիրը եղաւ, որ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցաւ 1915-ի օսմանեան Թուրքիոյ հայերու կոտորածները: Կոտորածին յուշարձանը կանգնած է Մոթէվիտէոյի մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան համար Ալմակրոյի ենթադրեալ զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը անակնկալի բերաւ արցախցիները, որոնք երախտագիտութեամբ ողջունեցին ատիկա` ըստ տէ ֆաքթօ նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի: «Ուրուկուէյի կառավարութեան հետ Ղարաբաղ նախապէս հաղորդակցութիւն չէ ունեցած», ըսաւ ան:

«Մենք կը գիտակցինք, որ մեր անկախութիւնը անմիջապէս պիտի չճանչցուի… բայց փակ դուռը բացուեցաւ: Նոյնիսկ եթէ այս հոլովոյթը քանի մը տարի տեւէ, մենք ամէն պարագայի երախտապարտ պիտի ըլլանք Ուրուկուէյի»,  աւելցուց Բաբայեան:

Ազրպէյճանցի վերլուծաբանները կը պնդեն, թէ Ղարաբաղի ղեկավարները մեծ յոյսեր պէտք չէ ունենան:

«Ուրուկուէյի համար ասիկա այնպիսի կացութիւն մը չէ, որ նման նուրբ եւ բարդ հարցի մը գծով ռահվիրայ ըլլայ», մեկնաբանեց քաղաքական վերլուծաբան Զարտուշթ Ալիզատէ: Ան աւելցուց.

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իրավիճակը այժմ անկանխատեսելի է, եւ բոլոր երկիրները, ընդհակառակը, կը փորձեն հեռու մնալ ատկէ»:

Ալիզատէ կասկածով հարցուց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալով` Ուրուկուէյ ի՞նչ կը շահի: Այս նախաձեռնութիւնը կրնայ լրջօրէն վնասել մեծ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերուն, որոնց նպատակը տագնապի լուծումն է», ըսաւ ան: Պաքուի մէջ ոմանք կ՛ուզեն, որ Միացեալ Նահանգներ այս հոլովոյթին մասնակից դառնան, սակայն Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ  Նահանգներու դեսպանատունը արդէն իսկ յստակ դարձուցած է, որ ինք այդ հարցը շօշափելու նպատակ չունի:

Վաֆա Կիւլիզատէ` Ազրպէյճանի հանգուցեալ նախագահ Հայտար Ալիեւի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով նախկին օգնականը, կը կասկածի, որ Ուրուկուէյ կրնայ անքան հեռու երթալ` հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի Ազրպէյճանէն անկախացումի ճանաչումին, տրուած ըլլալով, որ նոյնիսկ Հայաստան ատիկա տակաւին չէ ըրած:

Հայաստանցի քաղաքական անկախ վերլուծաբան Երուանդ Պոզոյեան համաձայն գտնուեցաւ, որ Ղարաբաղի հարցով Ազրպէյճանի հետ սուր լարուածութիւնները կը բացառեն այդպիսի որոշում մը Հայաստանի կողմէ: Երուանդ Պոզոյեան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին յայարարութիւնը անոր «անձնական տեսակէտը» անուանելով` կասկած յայտնեց, որ ատիկա կրնայ «Էական» որեւէ փոփոխութիւն բերել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի համար»:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, որ կը պնդէ, թէ Հայաստան սխալ կը ներկայացնէ, կը խեղաթիւրէ Ալմակրոյի ակնարկութիւնները, կը տեղեկացնէ, թէ Մոնթեվիտէօ վստահեցուցած է Պաքուն, որ Ուրուկուէյ կը յարգէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:

Հայաստանի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն ազգայնական կուսակցութեան ղեկավարները կը պնդեն, որ Ալմակրոյի յայտարարութեան ճարտարագէտները իրենք են:

«Ուրուկուէյի մէջ մենք այս ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք կատարեցինք», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան աւելցուց. «Ասիկա միայն սկիզբն է»:

ՀՅԴ-ն Հայաստանի մէջ միակ քաղաքական կուսակցութիւնը չէ, որ Ուրուկուէյը իբրեւ ելակէտ, մեկնակէտ կը նկատէ:

Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը, որ Երեւանէն կը պահանջէ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, կը պնդէ, որ Հայաստանի պաշտօնատարները լոպիստական աշխատանք պէտք է կատարեն Ուրուկուէյի դրացի երկիրներուն մէջ:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական համախմբումի նախագահ Ստեփան Սաֆարեան ըսաւ. «Լատին Ամերիկայի երկիրները կրնան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, եւ հայկական դիւանագիտութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատանք տանի»:

Սաֆարեան աւելցուց. «Այս երկիրները կրնան նման քայլ առնել, որովհետեւ անոնք մեր շրջանին մէջ չունին աշխարհաքաղաքական լուրջ շահեր,որոնք կրնան արգելք ըլլալ այդպիսի քայլի մը»:

«Պաքու ճիշդ ասկէ կը վախնայ», ըսաւ «Պաքու ատլաս» ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Էլհամ Շահինօղլու: Ազրպէյճան Ուրուկուէյի մէջ դեսպանատուն չունի եւ երկու կառավարութիւնները ծանօթ չեն իրարու:

Ուրուկուէյ նոյնիսկ Ազրպէյճանի հետ առեւտրային շրջանառութիւն ունեցող 160 երկիրներու ցանկին մէջ չէ:

Առանց դիւանագիտական ամուր կապերու կամ առեւտուրի` Պաքու չունի լծակներ, որոնց միջոցով կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել Ուրուկուէյի վրայ:

«Աւելի՛ն. Մոնթեվիտէօ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ազրպէյճանի կարիքը չունի», կ՛ըսէ Շահինօղլու: Ան մտահոգ է այս տարակարծութեան առնչութեամբ Ուրուկուէյի շարունակուող լռութեամբ: «Ասիկա կը նշանակէ, թէ Մոնթեվիտէօ իսկապէս կը քննարկէ հակաազրպէյճանական որոշ քայլեր», ըսաւ ան:

Ղարաբաղի անկախութեան ուրուկուէյեան որեւէ ճանաչում` «Կրնայ ճամբան հարթել Պաքուի հետ յարաբերութիւններ չունեցող որոշ փոքր երկիրներու, որպէսզի իրենք ալ նոյնը ընեն-, ըսաւ Շահինօղլու եւ աւելցուց «Անշուշտ այսպիսի երկիրներ բազմաթիւ պիտի չըլլան, բայց նոյնիսկ եթէ երեք – չորս երկիրներ այդ քայլը առնեն, ատիկա շատ ժխտական զարգացում մը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի համար»:

ՄԱՐԻԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
եւ ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՍԵՌԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԾՆՈՒՆԴԸ

Յաջորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՀՐԱՆԴԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԷՆ ՆԱՄԱԿ` ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.