Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՍԵՌԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԾՆՈՒՆԴԸ

September 23, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՆ ՌԵԹՐՕ-ՆՈՒԵՒՕ, ՍՔՐՈՆՔ ԿԱՄ ՀԻՓ-ՀՈՓ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՔԸԼԱՆՃԵԼՕ ՄԱԹՈՍ ՍՊԱՌԻՉ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱՐԻՉՆԵՐԸ:

Ձախէն աջ. Պրայըն Ինօ, Պիքինի Քիլ, Ուիլիըմ Պըրոզ եւ Օռնեթ Քոլման:

Երաժշտութիւնը կու գայ ամէն կողմէ, նոյնպէս ալ` այն անունները, զորս կը գործածենք ճանչնալու համար զանոնք: Երկար ժամանակէ ի վեր սովորամոլութիւն դարձած է այն գաղափարը, թէ միայն երաժշտական ճարտարարուեստը կարիքը ունի անուններու` բնորոշելու համար տարբեր սեռեր, զորս ոմանք պարզապէս կը սիրեն կամ չեն սիրեր: Անշուշտ այս մէկը ծիծաղելիօրէն սխալ է, ինչպէս կը գիտակցինք, երբ կը լսենք շատեր, որոնք կ՛ըսեն. «Կը սիրեմ բոլոր տեսակի երաժշտութիւնները, բացի` ռափ եւ քաունթրի»: Գէթ, որովհետեւ երաժշտական սեռերու անուններուն մեծ մասը կու գան նոյնինքն զանոնք կատարող արուեստագէտներէն:

Օրինակ, կոսփըլ (աւետարանի) երաժշտութիւնը առաւել կամ նուազ չափով յայտնագործուած էր պատուելի Թոմաս Ա. Տորսիի կողմէ: Ան ճազ եւ պլուզ կը նուագէր դաշնակի վրայ, երբ տակաւին կրօնաւոր չէր եւ 1932-ին Աստուածաշունչը դարձուցած էր ներշնչման աղբիւր` «Փրեշըս Լորտ» եւ «Թէյք մայ հենտ»ի նման կրօնական երգեր վաճառելով Շիքակոյի մէջ գործող եկեղեցիներու եւ ապա` ամբողջ Ամերիկայի: Անոր գլխաւորած խումբը կը կոչուէր «Եունիվըրսիթի կոսփըլ սինկըրզ»: Նոյնպէս` պլուկրաս անուանումը կու գայ մանտոլին նուագող եւ քաունթրի երգերու մեկնաբան Պիլ Մոնրոյի երաժշտական խումբէն, որ կը գործէր 1938-էն մինչեւ Մոնրոյի մապը` 1996-ին. խումբը կը կոչուէր «Պլու կրաս պոյզ»: Այս անունը ինքնին կու գար Մոնրոյի ծննդավայր Քենթըքիէն, որ ծանօթ էր իբրեւ «Տը Պլու Կրաս Սթէյթ» (կապոյտ խոտի նահանգը): Կլիթըր ռոք անուանումը, որ հոմանիշ է կլամ ռոքի (փայլփլուն արտառոց տարազներով խումբերու երաժշտութիւնը. «Ա.»), կու գայ Կերի Կլիթըրէն, որուն մասին որքան քիչ բան ըսուի, այնքան լաւ:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԷ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ

Աւելի յաճախ երաժշտական սեռի մը անունը կու գայ երաժիշտի մը գործերուն անուններէն: Օրինակ` ֆրի ճազ, որուն համանուն ալպոմ մը հրապարակած էր Օռնեթ Քոլման` 1960-ին: Նոյնպէս` պլու այտ սոլ անունը, որուն համանուն սկաւառակ մը հրապարակած էր «Ռայչըս պրատըրզ» խումբը` 1963-ին: 1960-ական տարիներու կէսերուն ճամայքըն պուկի կամ փաղաքշական անունով` ռոքսթետի երաժշտութիւնը կու գար Ալթոն Էլիսի 1966-ին հրապարակած մէկ գործէն, մինչ 1968-ին անոր պիտի յաջորդէր ռեկէյը` Ճամայքայի պարասրահներուն մէջ «Մայթալ» խումբին «Տու տը ռեկէյ» երգին կշռոյթներով: Սոքա խտացումն է 1974-ին փայլած թրինիտատցի արուեստագէտ Լորտ Շորթիի կիրարկած սոլ աֆ Քալիփսօ սեռին սկզբնատառերուն, իսկ էսիտ հաուս կու գայ «Ֆիւթիւր» խումբին 1987-ին հրապարակած «Էսիտ թրաքս» երգէն եւ այժմ կը խորհրդանշէ ոռնացող ու մղկտացող ձայներով որեւէ երաժշտութիւն:

Էմպիընթ անունը անշուշտ կու գայ Պրայըն Ինոյի 1978-ին հրապարակած «Էմպիընթ1. միւզիք ֆոր էյրփորթց» ալպոմէն: Ինօ կ՛ըսէ, թէ գաղափարը յղացած էր 1975-ին, հիւանդանոցի մը մէջ, երբ կ՛ապաքինէր ինքնաշարժի արկածէ մը. այցելու մը տաւիղի 18-րդ դարու երաժշտութեան սկաւառակ մը սկսած էր նուագել ցած ձայնաստիճանով եւ անշարժութեան մատնուած Ինոյի թելադրած էր ունկնդրել զայն եւ կռահել անոր ակունքը: Հիւրը` այդ օրերու Ինոյի սիրահարը` Ճիւտի Նայլըն կ՛ըսէ, թէ տաւիղի երաժշտութիւնը սկսած է նուագել դուրսը տեղացող անձրեւին ձայնը հակակշռելու նպատակով, եւ Ինօ անմիջապէս ճանչցած է զայն»:

Երբեմն երգեր ինքնին կը վերածուին սեռի: Տու-ուոփ կու գայ ռիտըմ էնտ պլուզ սեռի երաժշտական խումբերու ձայնագրութիւններէն, մասնաւորաբար` «Թըրպըն» խումբին 1955-ին հրապարակած «Ուեն եու տանս» երգէն, որուն կրկներգը կ՛ըսէ. «Տու-ուոփ, տը-տու-տու», ինչպէս նաեւ մէկ տարի ետք «Ֆայվ սէյթընզ» խումբին հրապարակած «Սթիլ աֆ տը նայթ» երգին մէջ աւագասրինգի (սաքսոֆոն) ընկերակցութեամբ հնչած «տու-պոփ, տու-պահ» կրկներգէն: 1960-ական տարիներու վերջերուն Նիւ Եորքի մէջ ձայնասփիւռի կայաններէ օլտիզ երգերու շարքերու հաղորդավար Կաս Կոսըրթ ընդհանրացուց տու- ուոփի գործածութիւնը, թէեւ կ՛ըսէր, թէ զայն առած էր Քալիֆորնիոյ մէջ այս սեռին երկրպագուներէն:

Պրոնքսէն աւանդապահ ձայնի հաղորդավար Լաւպակ Սթարսքի ինքզինք հռչակած է հեղինակը հիփ-հոփ եզրին` պարի հաւաքոյթներու առիթով կրկնելով «Հիփ-հոփ, հիփփի թու տը հիփփի հոփ-հոփ» բառերը: 2006-ին ան ըսած է. «Ես եւ «Կրանտմասթըր ֆլեշ» խումբէն Քիտ Քաուպոյ միասին կը կրկնէինք այս բառերը. ես կ՛ըսէի` «հիփ», ան կ՛ըսէր` «հոփ»:

Ճանկըլ եզրը կու գայ Ճամայքայի մէջ պատրաստուած ձայնի սարքաւորումներու յատուկ ձայներիզէ մը, որ կ՛ընդգրկէր «Ալլա տը ճանկլիսթց» երգը: «Քուլ Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանի ղեկավար Նաւիկէյթըր քննադատ Սայմըն Ռէյնոլտծի ըսած է հետեւեալը. «Քինկսթնի մէջ կայ վայր մը, որ կը կոչուի Թիվոլի կարտընզ, իսկ մարդիկ զայն կը կոչեն «ճանկըլ»: Ռէյնոլտծ կը նշէ, թէ բրիտանացիներուն նախասիրած ձայնագրութեան վաճառանիշը` «Իպիզա», «առաջինն էր, որ ճանկըլ բառը նշած էր իր ձայնագրութիւններուն կողքին վրայ». անոնցմէ մէկը կ՛ընդգրկէր «Նոյզ ֆեքթըրի»  խումբին 1991-ին ձայնագրուած«Ճանկըլ թեքնօ» երաժշտութիւնը:

ՎԱՃԱՌԱՆԻՇՆԵՐՈՒ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԵՒ
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Երբեմն ձայնագրութեան վաճառանիշներ կը վերածուին որոշ սեռ մը բնորոշող անունի, ինչպէս` «Ինտասթրիըլ», զոր հիմնած է Թրոպինկ Կրիսըլ, 1976-ին, եւ` «Լաւըրզ ռոք», որ «Ինտասթրիըլ»ի հակապատկերն է. զգայնոտ եւ վիպերգական ռեկէյ երաժշտութեան ձայանագրութիւններու վաճառանիշ մը, որ հիմնուած է Լոնտոնի մէջ, գրեթէ նոյն ժամանակներուն, Տենիս եւ Իվ Հերիս ամոլին կողմէ: Երբեմն ձայնագրութեան ընկերութիւններ նոյնիսկ կ՛ապսպրեն նոր եզրեր, ինչպէս` աութլօ քաունթրի, նօ ուէյվ եւ թեքնօ, որոնք սկսած են գործածուիլ ալպոմներու հրապարակումով. 1976-ին հրապարակուած էր «Ուոնթըտ. տի աութլոզ» ալպոմը, 1978-ին` «Նօ Նիւ Եորք»ը, 1988-ին` «Թեքնօ. տը նիւ տանս սաունտ աֆ Տիթրոյթ»ը:

Կան նաեւ պարագաներ, երբ արուեստագէտ մը բան մը կ՛ըսէ եւ անոր ըսածը կը նուիրականանայ: Օրինակ` աֆրոպիթ, զոր պէտք չէ շփոթել աֆրոփոփի հետ: Անիկա կը գործածուի` նկարագրելու համար Ափրիկէէն ծնունդ առած փոփ երաժշտութեան բոլոր տեսակները: Ֆելա Քութի այս եզրը կազմած էր 1968-ին` նկարագրելու համար այդ օրերուն իր յայտնագործած երաժշտութիւնը. ֆանք, նայճիրիըն հայլայֆ երաժշտութեան, հակաիշխանական բովանդակութեամբ երգերու եւ բարձր մակարդակի ուիտ երաժշտութեան խառնուրդ մը:

Երաժիշտներու կողմէ կազմուած բառեր կը վխտային 1990-ական տարիներուն: «Ռայըթ Կըրլ» անունն էր 1991-ին երաժշտութեան երկրպագուներու յատուկ թերթի մը: Այս երաժշտութեան գլխաւոր 4 կատարողները` «Պրաթմոպայլ» խումբէն Ուիլսըն Վոլֆ եւ Մոլի Նիուման, իսկ «Պիքինի քիլ» խումբէն Քաթլին Հաննա եւ Թոպի Վայլ ստեղծած էին այս անունը: Իլպիընթ անունը կազմուած էր 1994-ին` «Ուի» եռեակի ձայնի հաղորդավար Օլիվի կողմէ` նկարագրելու համար լսատեսողական տարբեր միջոցներով կատարուած ներկայացում մը` Պրուքլինի մէջ լրագրողի մը համար: «Տարեց մարդ մը, որ կ՛ըսէր, թէ լրագրող էր, հարց տուաւ, թէ արդեօք մեր կատարածը էմպիընթ երաժշտութի՞ւն էր,- կ՛ըսէ Օլիվ:- Կատակով պատասխանեցի` «ո՛չ, իլպիընթ է»: 1996-ին «Նօ եու թըռն» ձայնագրութեան ընկերութեան արտադրիչները կազմեցին թեքսթեփ բառը` նկարագրելու համար թմբուկի եւ մետաղային գործիքներու «դժոխային», խլացնող եւ խիտ երաժշտութիւնը:

Սակայն երբեմն արուեստագէտ մը կ՛որոշէ անուն մը, որ կը վերածուի այլ բանի մը: Փաուըր-փոփ կազմուած էր 1967-ին` Փիթ Թաունզհենտի կողմէ` բնորոշելու համար «Հու» խումբին երաժշտութիւնը, սակայն այս տեսակի երաժշտութիւն կատարող «Ռասպերիզ» խումբէն Էրիք Քարմեն սկսաւ զայն գործածել` նկարագրելու համար «խումբեր, որոնք ի յայտ եկան 1970-ական տարիներուն եւ սկսան նուագել որոշ տեսակի մեղեդիախառն երգեր. մղկտացող կիթառի եւ քիչ մը վայրի թմբուկի երաժշտութեամբ յատկանշուած գործեր».  անկախ այն իրողութենէն, թէ բազմաթիւ հետեւորդներ սկսան կապկել զանոնք:

Յաճախ արհեստագիտութիւնը մղիչ ուժ կը դառնայ երաժշտական փոփոխութիւններու: Հետեւաբար ձայնային գործիքները եւս իրենց դերը կը խաղան: Օրինակ` վերոյիշեալ էսիտը, նոյնպէս` տուպ. տուպփլէյթ (տուփլիքէյթ փլաթըր ձայնային սարքէն) բառին յապաւուած մէկ ձեւը, զոր ձայնային սարքաւորումի վրայ աշխատող Ճամայքացի մը` Ռուտի Ռետվուտ ապսպրած էր 1967-ին` ձայնագրութիւններ բազմագրող «Տիւք Ռայտ» ընկերութենէն: Այս գործիքով ձայնագրուած երգը «Փարակոնզ» ռոք խումբին «Ան տը պիչ»ն էր, սակայն ձայնագրութեան ընթացքին արկածով մը ջնջուած էր երգին երգեցողութեան մասը: Ռայտ զայն կը սփռէր երգեցողութիւնը պարունակող տարբերակին կողքին: Ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքա՛ն մեծ էր, որ Ռայտ սկսաւ գործիքային կատարումներ սփռել` երգեցողութիւն պարունակող ձայնագրութիւններու կողքին: Ի վերջոյ` երաժշտութեան ստեղծագործ ճարտարագէտներ` ինչպէս` Քինկ Թապի եւ Լի Փերի նոր դաշտեր բացին տուպ երաժշտութեան դիմաց` մետաղային ծանր գործիքներու վերացականութեամբ:

ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻ ՊԱՀԱՆՋ

Անշուշտ ոեւէ անձէ աւելի լրագրողնե՛ր կարիքը ունին նման եզրերու. ձեւով մը երաժշտական ճանաչելի սեռի մը անունը հզօր սղագրութիւն է: Իբրեւ ամերիկեան երաժշտական ճարտարարուեստի ընդհանուր պատկեր` «Պիլպորտ» թերթը իր երաժշտական ցուցակներով եւ նոր ուղղութիւններ բացող ալպոմներով յատկանշական դեր մը խաղցած է երաժշտական սեռերու անուններ տարածելու մէջ: Օրինակ` իզի լիսընինկ եզրը առաջին անգամ նշուած է թերթին 17 յուլիս1961-ի թիւին մէջ: Ռիտըմ էնտ պլուզ ծնունդ առած է 1947-ին, երբ «Պիլպորտ»ի խմբագիր Ճերի Ուեքսլըր սկսած է զայն գործածել` նկարագրելու համար Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած սեւամորթներու յատուկ փոփ երաժշտութիւնը, զոր պիտի հրապարակէր «Աթլանթիք ռեքըրտծ» ձայնագրութեան ընկերութեան հետ: Ռիտըմ էնտ պլուզ երաժշտական ամբողջ ցուցակի մը վերնագիրն էր թերթին 25 յունիս 1949-ի թիւին մէջ եւ կը փոխարինէր նախորդ թիւին մէջ նշուած «Ռէյս ռեքըրտծ» վերնագիրով ցուցակը:

Պատկերասփիւռի «Տը քրիս ռոք շօ» եւ «Կուտ հէյր» կատակերգական յայտագիրները ներկայացնելէ շատ առաջ Նելսըն Ճորճ ինքնին «Պիլպորտ»ի լրագրող էր եւ ստեղծած էր «պլեք միւզիք» եզրը: Սակայն Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հրատարակուող եւ ձրի բաժնուող «Վիլըճ Վոյս» թերթին մէջ էր, որ ան առաջին անգամ գործածած էր ռեթրօ-նուեւօ եզրը, երբ 1986-ին կը գրէր Անիթա Պէյքըրի երաժշտութեան մասին: Այս եզրը կը վերաբերէր 1980-ական տարիներու սեւամորթներու փոփ երաժշտութեան, որուն արմատները կը գտնուէին նախքան տիսքոյի յայտնութիւնը` ռիտըմ էնտ պլուզ երաժշտութեան մէջ: «Սեւամորթներու փոփ երաժշտութիւնը միշտ ալ կը թուի, թէ հիմնուած է կեանքի եւ սիրոյ նկատմամբ չափահասի յատուկ հայեցակէտերու վրայ,- կ՛ըսէ Ճորճ:- Այս տեսակի երաժշտութիւնը շատ աւելի պատանեկան բնոյթ մը ստացաւ 1980-ական տարիներուն: Ինծի համար ռեթրօ-նուեւոն միջոց մըն էր լուսարձակի տակ առնելու այնպիսի երգիչներ,որոնք շատ ժամանակակից էին, սակայն ամբողջութեամբ չէին հեռացած աւանդութենէն»:

«Վոյս» թերթին մէջ Ճորճի երկարամեայ խմբագիրն էր Ռոպըրթ Քրիսթիօ, որ կազմած էր իր սեփական բառը` սքրոնք. այս եզրը հոմանիշ էր նօ ուէյվի, զոր Քրիսթիօ առաջին անգամ գործած էր 1978-ին: «Ամբողջութեամբ նմանաձայն բառ մըն էր,-կ՛ըսէ Քրիսթիօ:- Պարզապէս ծնաւ ուղեղիս մէջ: Կը փորձէի ձեւ մը գտնել` նկարագրելու համար ծինային ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները եւ Հրատ մոլորակը: Իսկ կիթառին ձայնը կը հնչէր ճիշդ այդպէս. սքրո՛նք»:

Հեւի մեթըլ եւս առաջին անգամ գործածուած է` նկարագրելու համար տգեղ կիթառներ: Այս եզրը ծնունդ առած էր Ուիլիըմ Պըրոյի 1962-ին լոյս տեսած «Տը սոֆթ մըշին» վէպին մէջ, որուն հերոսն էր «ծանր մետաղէ մանչուկը»: Ապա 1968-ին «Սթեփընվոլֆ» խումբէն Ճոն Քէյ երգեց «հեւի մեթըլ թանտըր» բառերը` «Պոռն թու պի ուայլտ» երգին մէջ: Սակայն անիկա առաջին անգամ լրատուամիջոցներու մէջ գործածուեցաւ 1970-ին, երբ «Համպըլ փայ» խումբէն Մայք Սոնտըրզ զայն գործածեց իբրեւ հարտ ռոք երաժշտութեան հոմանիշ` բնորոշելու համար «Ռոլինկ սթոնզ» խումբին «Էզ սէյֆ էզ եսթըրտէյ» ալպոմը` զայն նկարագրելով իբրեւ «27-րդ մակարդակի նոյն ծանր մետաղի աղբը»: Սոնտըրզ հետագային պիտի դառնար 1980-ական տարիներու «Էնկրի ամոընզ» փանք խումբի երգիչ):

Նոյն տարին պիտի կազմուէր փանք ռոք եզրը` բնորոշելու համար «Ռոլինկ սթոնզ»ի մրցակից «Քրիմ» խումբին կատարումները: Տէյվ Մարշ զայն գործածեց «Քուեսչըն մարք էնտ տը միսթիրիընզ» խումբին մասին քննադատական կենդանի ակնարկի մը մէջ. «Կարիք չկայ ըսելու, թէ անկարելի էր տոկալ փանք ռոքի պայթուցիկ կատարումի մը, նոյնիսկ` յաջորդաբար երկու գիշեր Թինա Թըռնըր ունկնդրելէ ետք», կ՛ըսէր ան: Քանի մը տարի ետք լոյս պիտի տեսնէր «Փանք» թերթը:

Բրիտանացիք որեւէ ժողովուրդէ աւելի կը սիրեն անուններ շինել: «Քրաութրոք» կու գայ «Նիւ միուզիքըլ Էքսփրես» հրատարակութեան խմբագիր Իան ՄքՏանըլտի 1972-ի մէկ գրութենէն, ուր ան կը նկարագրէ «Նիու», «Քեն»  եւ նման երգեր: Տարի մը ետք գերմանացի ռոք արուեստագէտ Ֆաուսթ իր 5-րդ ալպոմով պիտի հրապարակէր 12 վայրեկան տեւողութեամբ «Քրաութրոք» դիւցազներգութիւնը: Նոյնպէս` Սայմըն Ռէյնոլտծ 1994-ի սկիզբը ռոք երաժշտութեան յաջորդած ժամանակներուն «Մելոտի Մէյքըր» եւ «Տը Ուայր» թերթերուն մէջ զայն գործածած է` ակնարկելով ոչ ռոք երաժշտութեան համար ռոք երաժշտութեան յատուկ գործիքներու օգտագործումին: «Իրականութեան մէջ ես չեմ կազմած այս բառը,- կ՛ըսէ ան` յիշատակելով իրմէ առաջ Ռիչըրտ Մելցըրի եւ Փոլ Մորլիի կողմէ անոր գործածութիւնը` իբրեւ «յառաջապահական ռոք երաժշտութեան հոմանիշ»: «Ես պարզապէս զայն վերածեցի գաղափարի», կը բացատրէ ան:

Դարձեալ1994-ին Էնտի Փեմպըրթըն կազմած է թրիփ-հոփ եզրը` զայն գործածելով «Միքսմակ» թերթին յունիսի թիւին մէջ` նկարագրելու համար ձայնի հաղորդավար Շետոյի եւ «Քեմիքըլ պրատըրզ» խումբին գլխապտոյտ պատճառող երաժշտութիւնը: Նոյնպէս` տապսթեփ եզրին առաջին գրաւոր գործածութիւնը տեղի ունեցաւ 2002-ին, երբ «Կարտիըն» թերթի երբեմնի մէկ յօդուածագիրը` Տէյվ Սթելֆոքս իր հրատարակած մէկ թերթին մէջ գրեց «Հաուսփաուր փրոտաքշընզ» խումբին կառատուներու մէջ կատարած ձայնագրութիւններուն մասին: Լրագրող Մարթին Քլարքի համաձայն, այս եզրը ծնունդ առած է «սեղմ շրջանակի» մը մէջ, Բրիտանիոյ մէջ «Էմիւնիշըն» խումբին կողմէ կամ ձայնի հաղորդավար Հաչայի, որուն «Տապսթեփ օլսթարզ» ալպոմը հրապարակուեցաւ 2003-ին:

ՎԱՃԱՌՔԻ ԵՒ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄԻ ՄԻՋՈՑ

Ինչպէս այս բոլորը ցոյց կու տան, երաժշտական ճարտարարուեստը կարիքը ունի գիտնալու, թէ ի՛նչ կը վաճառէ եւ որո՛ւ: Հիլպիլի երաժշտութիւն եզրը, որ կը բնորոշէ քաունթրի երաժշտութեան նախորդած երաժխտութիւնը, կը պատկանի Ռալֆ Փիրի, որ 1925-ին ձայնագրած էր Նորթ Քարոլայնայի մէջ «Հիլպիլիզ» անունով խումբի մը երգերը:  Երբ երկու տարի ետք Փիր ձայանգրեց Ճիմի Ռոճըրզի եւ «Քարթըր ֆեմըլի» խումբին ալպոմները, Հիլպիլի անունը անջնջելի մնաց: Ձայնագրութեան «Սայր» ընկերութեան ղեկավար Սէյմուր Սթայն հռչակաւոր է նիւ ուէյվ եզրին ստեղծումով. զայն կը գործածէր` փանք երաժշտութիւնը վաճառելու համար ամերիկացի ունկնդիրներուն, որոնք կը խուսափէին փանքի առնչուող բիրտ յարակցութիւններէն: 1995-ին «Մոթաուն» ձայնագրութեան ընկերութեան տնօրէն Քետար Մասենպըրկ, որ պայմանագրութիւններ կնքած էր երգիչներ` Տ՛անճելոյի եւ Էրիքահ Պատուի հետ, ստեղծեց նէօ-սոլ եզրը` զանոնք վաճառելու իբրեւ միջոց:

Ապա կայ ծանուցումի հարցը: Պրազիլական երաժշտութեան պատմաբան Ռայլ Քասթրոյի համաձայն, պոսսա-նովա, որ փորթուգալերէնով կը նշանակէ նոր ալիք, բաւական յաջողութիւն գտած է, երբ առաջին անգամ յայտնուած է 1958-ին` բազմաթիւ արուեստագէտներու մէկտեղումով համերգ մը ծանուցելու համար: Ուըրլտ միուզիք եզրը առաջին անգամ հնչած է 1987-ին, երաժշտական ճարտարարուեստի յատուկ ժողովի մը ընթացքին: Անոր նպատակն էր շուկայական կարճ արշաւ մը` զարկ տալու համար ոչ անկլոֆոն արուեստագէտներու գործերուն վաճառքին, այնպիսի վայրերու մէջ, ուր այլապէս տեղ պիտի չունենային անոնք: Ձայնասփիւռի յատուկ բառապաշարներ երբեմն իրենք զիրենք կը պարտադրեն երաժշտութեան վրայ: Էյ. Օ. Առ. յապաւուած ձեւն է «ալպիւմ օրիենթըտ ռետիօ»ի (ալպոմներու արեւելումով ձայնասփիւռ). եզր մը, զոր յղացած էր Էֆ. Էմ. ի վրայ ռոք երաժշտութիւն սփռող կայաններու խորհրդատու ընկերութեան մը` «Քենթ Պուրխարթ»ի մէկ պաշտօնեան` Լի Ապրամզ, նկարագրելու համար ամերիկեան ամենանուրբ ռոք երաժշտութիւնը, զոր կը կատարէին «Սթայքս», «Այրոսմիթ» եւ «Պոսթըն» խումբերը: Սակայն գործնական գետնի վրայ այս եզրը սովորաբար կը բնորոշէ փանքէն առաջ տիրած երաժշտութիւնը:

Եւ անշուշտ ձայնասփիւռը մեծ դեր ունի ռոք՛ն՛ռոլ եզրին կազմութեան մէջ, թէեւ անիկա գործածուած է 1922-ին ձայանագրուած պլուզ երգերու մէջ, ինչպէս` Թրիքսի Սմիթի «Մայ մէն ռոքս մի»: Ռոք՛ն՛ռոլը ամէնօրեայ խօսակցութեան նիւթ էր. անիկա ներկայ էր Ռոյ Պրաունի 1947-ին հրապարակուած «Կուտ ռոքին՛ թունայթ» երգին մէջ, նոյն տարին` Ուայլտ Պիլ Մուրի «Ուի՛ր կոննա ռոք, Ուի՛ր կոննա ռոլ» երգին մէջ, Տոմինոյի «Սիքսթի մինիթ մեն» երգին մէջ (հրապարակուած` 1950-ին): Ապա 1952-ին Քլիվլենտի մէջ ձայնի հաղորդավար Ալան Ֆրիտ իր յայտագիրին անունը` «Ռեքըրտ ռանտեւուզ» վերածեց «Տը մունտոկ ռոք՛ն՛ռոլ հաուս փարթի»ի: Եւ այստեղ վերջ…:

(Յապաւուած)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2011)

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱԿԱՏ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.