Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

27 Երկիրներու Երեսփոխաններ Ապրիլեան Պատերազմին Վերաբերող Յայտարարութիւն Որդեգրած Են

July 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27yerg_71216

Յունաստանի Սալոնիք քաղաքին մէջ 4-8 յուլիսին տեղի ունեցած  Ուղղափառ երեսփոխաններու 23-րդ միջխորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած է յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Վեհաժողովին մասնակցած Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մկրտիչ Մինասեանն ու Արագած Ախոյեանը նման յայտարարութեան որդեգրումը նկատած են մեծ ձեռքբերում: Յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունած են 27 երկիրներու երեսփոխաններ:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Մ. Մինասեան ըսած է, որ Հայաստան արդէն 23 տարի է կը մասնակցի վեհաժողովի աշխատանքներուն, անիկա կը նկատուի հիմնադիրներէն:

Պատգամաւորներուն համաձայն` իրենք վեհաժողովի մասնակիցներէն խնդրած ու պահանջած են, որ դէպքերուն տրուին յստակ ու հասցէագրուած գնահատականներ:

«Մենք բաւական երկար աշխատեցանք յայտարարութեան վրայ: Ես մեծ վերաբերմունք զգացի յոյներուն կողմէ, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունին», դիտել տուած է Մինասեան:

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս գրուած է. «Մենք կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կողմէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին մէջ իրավիճակի լարումը»: Հոն կը նշուի նաեւ, որ նախայարձակ կողմը եղած է Ազրպէյճանը, որ ծանր սպառազինութիւն օգտագործած եւ քաղաքացիներով բնակուած շրջաններուն վրայ կրակ բացած է: Յայտարարութեան տակ ստորագրած երեսփոխանները անհեռատես քայլ նկատած են ղարաբաղեան խնդիրը զինուորական ճամբով լուծելու ազրպէյճանական փորձերը:

 

Նախորդը

«Ոսկէ Ծիրան-2016». Ժապաւէններու Բացօթեայ Անվճար Ցուցադրութիւններ` Գաֆէսճեան Քանդակներու Պարտէզին Մէջ

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Պիտի Այցելեն Հայաստան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.