«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը:
«Մոսկուայի մէջ Քերրին շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ ռուս պաշտօնատարներու հետ` այլ հարցերու կողքին քննարկելու համար Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող հարցեր», յայտնած է Քըրպի:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Մոսկուա պիտի մեկնի 14 յուլիսի երեկոյեան: Նախքան այդ, ան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրով պիտի այցելէ Փարիզ, ուր ներկայ պիտի գտնուի Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութեան: