ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երկուշաբթի օր Վիեննայի մէջ խմբակի անդամներուն պիտի տեղեկացնեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին արդիւնքներուն եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ հետագայ քայլերու մասին»:
Ուորլիք մէկ օր առաջ դարձեալ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման մասին: Բոլորն ալ կը մերժեն պատերազմը եւ հաստատած են յանձնառութիւնը բանակցային հոլովոյթի վերաբերեալ: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օգնելու»: