Ազրպէյճանական «հաքքին.ազ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերին հետ:
Կը հաղորդուի, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ: