
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կ՛ակնկալուի, որ Վարշաւիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին պիտի կազմակերպուի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի, կը նշուի, որ Մերքելի եւ Էրտողանի երկկողմանի հանդիպումը կամ գոնէ կարճատեւ զրոյցը կարելի դարձնելու համար բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Աղբիւրը կ՛ընդգծէ, որ այս ենթադրեալ հանդիպումը առաջինը պիտի ըլլայ Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք եւ կրնայ որոշ չափով մեղմացնել երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը:
Էրտողանի հետ հանդիպելու առաջարկը, ըստ թրքական օրաթերթին, կատարուած է Անկելա Մերքելին կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը:
ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին նախատեսուած են նաեւ Էրտողանի շարք մը այլ երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց շարքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ եւ Իրաքի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող հարցեր:


