Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԾՐԱԳԻՐԸ

September 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Նիստին ընթացքին տիրեց խաղաղ մթնոլորտ. կատարուեցաւ թեքնիք եւ առարկայական քննարկում:

Նիստէն ետք վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Պըրրի ներկայացուցած է եզրակացութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուած է, թէ քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին խորքին, էութեան եւ սկզբունքներուն, հետեւաբար ան առաջարկած է, որ կառավարութեան վաւերացուցած տարբերակը ներկայացուի իբրեւ օրինագիծ մը, որ խորհրդարանի վաղուան լիագումար նիստին պիտի ներկայացուի եւ որուն վերաբերեալ քուէարկութիւն պիտի կատարուի:

Պըրրիի կատարած այս առաջարկին գծով նիստը համաձայնութիւն գոյացուց:

Անհրաժեշտ է նշել, որ վարչապետ Միքաթի մանրամասն ներկայացուցած էր ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ կատարուած բոլոր քննարկումները եւ մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ նախքան խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստին նախագահելը, Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Պէտք է աւելցնել, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց կարգին ընդարձակ հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի գրասենեակին մէջ:

Նիստէն ետք Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ` անոր ներկայացնելու համար նիստին արդիւնքները:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ  ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ իր բնական ու ծովային հարստութիւնները եւ ամէնէն արագ միջոցին ձեռնարկէ իր իրաւունքներէն օգտուելու յարմար քայլերուն:

Պըրրի դիտել տուաւ, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ կազի պաշարներու պեղման աշխատանքներուն սկսելու մասին ինք լուրջ քննարկումներ կատարած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը իր կարգին այդ մասին քննարկումներ պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին` Պըրրի յայտնեց, որ ոմանք այս թղթածրարին նկատմամբ քինախնդիր մօտեցում կը ցուցաբերեն:

Միւս կողմէ, Պշարա Ռայի պատրիարքին հարաւային Լիբանան այցելութեան մասին «Նահար» օրաթերթին կողմէ տրուած հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը հարաւ այցելող այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն է, որ հրաւէրի կարիք չունի, որովհետեւ ան իր զաւակներուն միջեւ պիտի ըլլայ: «Իսկ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ հարաւային Լիբանանը կը փափաքի, որ Ռայի պատրիարքը օրհնէ այդ հողը, որուն զաւակները պայքարեցան թշնամի Իսրայէլի դէմ եւ արիւն թափեցին այդ հողերուն վրայ», ընդգծեց խորհրդարանի նախագահը:

Նախորդը

ՈՒԻԼԻԸՄԶ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Յաջորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.