
Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է պետական եւ ոչ պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 2016-2017 ուսումնական տարուան առկայ ուսուցման ընդունելութեան հանրապետական ընդունող յանձնաժողովի առաջին նիստը, որ վարած է յանձնաժողովի նախագահ, նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Անդրադառնալով միասնական քննութիւններու ընդհանուր պատկերին` Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը նշած է, որ արդիւնքներու վերաբերեալ պէտք է կատարուի վերլուծութիւն. «Մենք պէտք է քննարկենք առանձնացուած աւագ դպրոցներու, համալսարաններուն կից վարժարաններու եւ միջնակարգ դպրոցներու միասնական քննութիւններու արդիւնքները: Մեզի համար շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ ո՛ր դպրոցներու շրջանաւարտները աւելի բարձր նիշեր ապահովեր են, որպէսզի ատիկա կարենանք օգտագործել հանրակրթութեան մարզին մէջ հետագայ քաղաքականութեան հիմքը դնելու մէջ», նշած է նախարարը եւ աւելցուցած. «Մենք ունինք մասնագիտութիւններ եւ մասնագիտացումներ, որոնք չեն համալրուիր` աշխատաշուկան այսօր պահանջուած չըլլալու պատճառով: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ կրթութիւնն ու գիտութիւնը ծառայեն սոսկ աշխատաշուկայի պահանջներու սպասարկման: Մենք ունինք մասնագիտական կարեւոր ուղղութիւններ, որոնց ինքնապահպանումը ինքնին արժէք է», նշած է նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ համալսարաններու տեսուչներուն յանձնարարած ներկայացնել պետական հոգածութեան անհրաժեշտութիւն ունեցող այն մասնագիտութիւններու ցանկը, որոնք կարեւորուած են` ինչպէս հեռանկարային զարգացման, այնպէս ալ մասնագիտական դպրոցի պահպանման առումներով:
Նախարարը առաջարկած է տեսուչներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստերէն մէկուն քննարկել դնել այդ առաջարկները, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ բարձրագոյն եւ յետհամալսարանական կրթութեան մասին նոր օրէնքի նախագիծը արդէն թեւակոխած է քննարկումներու փուլը:
Նիստի ընթացքին տեսուչները մտահոգութիւն յայտնած են ընդունելութեան համակարգի շարք մը խնդիրներու առնչութեամբ` շեշտելով, որ դիմողներու քանակի ընդհանուր նուազումը իր անդրադարձը կ՛ունենայ համալսարաններու ֆինանսական կայունութեան, զարգացման հեռանկարի եւ կրթութեան որակին վրայ:


