
Հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստի ընթացքին երեսփոխան Նիտալ Հմետի ելոյթով մը հանդէս եկած է: Ան լուսարձակի տակ առած է աւելի քան 100 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ասորիներուն Սէյֆոն եւ այլ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած ջարդերը: Այս մասին տեղեկացանք Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանէն: Հմետի յիշեցման կարգով նշած է Համիտեան ջարդերը, որոնք տեղի ունեցած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին մէջ: Ան շեշտած է 1915-ին թուրքերու կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծած, որ թրքական ահաբեկչութիւնը ցարդ կը շարունակուի: Երեսփոխան Նիտալ Հմետի իր խօսքի աւարտին պահանջած է, որ Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն դէմ իրագործուած ջարդերը:


