Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաօ, որ վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Չելսիի, վերադարձաւ իր կազմին` Մոնաքոյի:
«Ա Պոլա» կայքը յայտնեց, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը, բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, այժմ պատրաստ է նոր տարեշրջանին գծով իր փորձերուն սկսելու իշխանապետական կազմին հետ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Մոնաքոյի հետ կ՛աւարտի յունիս 2018-ին: