«Մարմարա»` վկայակոչելով «Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը, կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատախազութեան մօտ գանգատ ներկայացուցած է այն ցուցարարներուն դէմ, որոնք Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ իրենց կատարած ցոյցին ընթացքին գոչած են. «Ամէնէն լաւ հայը` մեռած հայն է»:
Նշեալ ցոյցին դրդապատճառը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումն էր: Այս որոշումը թրքական շրջանակներուն մէջ թշնամութեան շատ լուրջ ալիք մը ստեղծեց ոչ միայն գերմանացիներուն, այլ նաեւ հայերուն նկատմամբ:
Ըստ Կարօ Փայլանի, ցոյցին ներկայ եղած շուրջ 200 ցուցարարներուն մեծ մասը ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»-ու անդամ էր:
Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ ասիկա մարդկութեան դէմ ու ատելութեան ի նպաստ ցոյց մըն էր, եւ այդ պատճառով ալ գանգատ ներկայացուցած է դատախազութեան մօտ: Ան պահանջած է, որ դատախազութիւնը ստուգէ այս ցուցարարներուն ինքնութիւնը եւ ատելութիւն սերմանելու յանցագործութեան հետապնդում իրականացնէ անոնց դէմ: