
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ Սթրազպուրկի մէջ պատասխանելով ազրպէյճանցի երեսփոխան Կանիրա Փաշայեւայի այն հարցումին, թէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ զեկուցումի որդեգրումէն մէկ ամիս անցած է, սակայն «Հայաստանը ոչինչ կ՛ընէ եւ չի յարգեր բանաձեւին մէջ գոյութիւն ունեցող կոչերը» յայտնած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լիազօրութիւն չունի եւ չ՛ուզեր միջամտել խնդիրի լուծման հոլովոյթին:
«Եւրոպական խորհուրդը չունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լիազօրութիւն: Այդ լիազօրութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ունին, եւ անոնք չեն ուզեր, որ մենք միջամտենք հոլովոյթին, եւ կ՛ուզեն, որ յարգենք զայն, որպէսզի վնաս չհասցնենք խաղաղ հոլովոյթին», ըսած է Եակլանտ:


