Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանաբնակներուն 92,7 Տոկոսը Վստահ Է` Սահմանին Հսկող Զինուորը Կրնայ Հակահարուած Տալ Ազրպէյճանին

June 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khuiz_161416

Ապրիլեան պատերազմէն ամիս մը ետք կազմակերպուած հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը վստահ է, որ Հայաստանի զինուած ուժերն ու Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը ունակ պիտի ըլլան հակահարուած տալու ազրպէյճանական բանակին գործողութիւններուն, եթէ անոնք կրկնուին:

Հարցախոյզը կատարած է «Կելափ Ինթըրնեշընըլ»-ի Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը: Մասնակիցներուն 61,4 տոկոսը ըսած է` «լիովին վստահ եմ, որ հակահարուած կու տան», 31,3 տոկոսը` «վստահ եմ»: Ընդհանրապէս վստահ չէ մասնակիցներուն 0,7 եւ աւելի շատ վստահ չէ 4,8 տոկոսը:

«Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք մեր բանակին հմտութիւնը, պատրաստուածութիւնը նման լայնածիր յարձակման հակազդելու առումով» հարցումին պատասխանածներուն 40,1 տոկոսը ըսած է` «լիովին պատրաստուած է», 44,3 տոկոսը` «պատրաստուած է», այսինքն` 84,4 տոկոսը պատրաստուած կը նկատեն հայկական բանակը: Միայն 11,1 տոկոսը պատասխանած է «պատրաստուած չէ» եւ 3,3 տոկոսը` «ընդհանրապէս պատրաստուած չէ»: 1-5 նիշերէ բաղկացած աղիւսակին մէջ 1-ը նուազագոյն, իսկ 5-ը բարձրագոյն գնահատականն է: Հարցախոյզին մասնակիցները քառօրեայ պատերազմին ընթացքին քաղաքացիներուն կողմէ բանակին օգնելու պատրաստակամութեան տուած են 4,9 նիշ, զինուորներուն մարտական ոգիին` 4,9, զինուորներու ռազմական պատրաստուածութեան` 4,6 եւ Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի անհրաժեշտ ռազմական սարքերով օժտուածութեան` 3,2 նիշ:

Ըստ մասնակիցներուն մեծամասնութեան,  Ազրպէյճան նախայարձակ եղած է արտաքին ուժերուն թելադրութեամբ` 46,7 տոկոս, 32,5 տոկոսը այն կարծիքին է, որ Ազրպէյճան կը հրահրէ պատերազմական իրավիճակ, որպէսզի զսպէ, քողարկէ ներքին խնդիրները: 27,5 տոկոսին համաձայն, Ազրպէյճան գիտակցելով, որ ձախողած է բանակցութեան հոլովոյթին մէջ, կը փորձէ պատերազմի միջոցով լուծել հարցը: Պատերազմի սկսելու քաջալերող երկիրներուն վերաբերող հարցումին պատասխանողներուն 81,3 տոկոսը ըսած է, որ անոր ետին կանգնած է Թուրքիան, 17,3 տոկոսը` Ռուսիան, 14,5 տոկոսը կը կարծէ, որ անիկա հրահրուած է Միացեալ Նահանգներուն կողմէ: 33 տոկոսը վստահ է, որ Ազրպէյճան իր նախաձեռնութեամբ սանձազերծած է ռազմական գործողութիւնները:

Հարցախոյզը կատարուած է 13-24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ` 1106 հոգիի մասնակցութեամբ:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Յայտարարեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականը

Յաջորդը

Հայաստան Ընտրուած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.